Շնորհաւորական Ընդունելութիւն՝ Ի Պատիւ Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի

Մայիս 22ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր վերընտրութեան յաջորդող առաջին Կիրակին հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Պատարագին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց անդամներէն՝ Եփրեմ արք. Թապագեան:
Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամէն առաջ, պատարագիչ հոգեւոր հովիւը՝ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ուրախութեամբ յայտարարեց, որ թեմի 44րդ Երեսփոխանական ժողովը շաբաթավերջին կատարած է թեմակալ առաջնորդի, Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան ընտրութիւնները, ու առաջնորդը 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրուած է։ Տէր հայրը շնորհաւորեց առաջնորդն ու նորընտիր ժողովները, եւ հրաւիրեց սրբազանը՝ ուղղելու իր պատգամը ներկայ հաւատացեալներուն։
Առաջնորդը նախ ողջունեց Եփրեմ սրբազանի ներկայութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց տէր հօր եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 6րդ անգամ ըլլալով թեմակալ առաջնորդի բարի լուծը վստահուած է իրեն: Ան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր կազմերուն եւ յայտնեց, թէ Ազգ. երեսփոխանական ժողովը, ընտրական օրակարգերու կողքին՝ քննարկած է նաեւ թեմի աշխատանքի դաշտերը եւ մշակած է նոր ծրագիրներ: Ապա, վեր առնելով օրուան Աւետարանական հատուածի (Ղուկաս 4։25-30) պատգամը՝ խօսեցաւ Եղիա մարգարէի կեանքին ու նկարագիրին օրինակով մեզի հասնող յորդորներուն մասին:
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն՝ հոգելոյս Կորիւն արք. Պապեանի հոգւոյն համար, վախճանման առաջին տարելիցին առիթով: Առաջնորդ սրբազանը կանգ առաւ Կորիւն սրբազանի պատկառելի վաստակին վրայ, որ կերտուած է Ս. Աթոռին հաւատարիմ ծառայութեան ճամբով, իբրեւ դաստիարակ, մտաւորական եւ թեմակալ առաջնորդ:
Պատարագէն ետք, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճ, ուր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը պատրաստած էին շնորհաւորանքի հիւրասիրութիւն մը, ի պատիւ վերընտրեալ առաջնորդ սրբազան հօր:
Ներկայ էին ժողովականութեան անդամներ եւ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ: Առաջնորդի վերընտրութեան առիթով, շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանն ու այլ ներկայացուցիչներ: Խօսք առաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանը եւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնները փոխանցեց ծխական համայնքի բոլոր նուիրեալներուն։ Կարկանդակի հատումէն ետք, հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ:
Ապա «Աւետիսեան» սրահին մէջ, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց Կիրակնօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսին, որուն ընթացքին փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը եւ կատարեց վկայականներու բաշխումը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: