Արցախեան Ղօղանջներ. Արցախը Իմ Աստղս Է Եւ Այն Աշխարհը, Ուր Կ’ուզէի Ապրիլ

Այս հարցը, թէ ուր կը ցանկային ապրիլ, օրեր առաջ  ուղղած էի  աւագ  դասարաններու աշակերտներուն: Ընդամէնը քանի մը աշակերտներ նախապատուութիւնը տուած էին այլ երկիրներու, մեծամասնութիւնը ամուր սիրով ու հաւատքով, մտքով ու հոգիով կառչած էին հայրենի հողին: Իմ բանաւոր հարցումէն յետոյ անոնց գրաւոր շարադրանքներու մէջ անսահման սէր տեսայ հայրենիքին հանդէպ, բայց նաեւ որոշ  աշակերտներու մօտ` հոգիի երկուութիւն:

Անդրեան Անկելինա, 11-րդ դասարան: Այնչափ  հմայիչ  գեղեցկութիւն մը, ժպտերես   ծաղկած գարուն մը, որուն շարադրանքի տողերուն մէջ   անհանգիստ զգացողութիւն մը սողոսկեց սիրտս, թուեցաւ ան պիտի  «դաւաճաներ»  իր սկզբունքներուն, բայց ո՛չ,  ներքին ձայն մը կը փորձէր  համոզելու զիս, որ  հայրենիքը անսասան է,  ու  ան հաւատարիմ կ’ըլլայ  արիւնով հեղուած  այս սուրբ հողին:

«Միշտ ալ իմ բաղձալի երազանքս  եղած է ապրիլ Ռուսաստանի դաշնութեան մէջ: Կը կարծեմ` ոմանք կը սկսին քարկոծել ինծի, սակայն երազանքս արդարացում ունի: Ես ծնած եմ հենց այնտեղ: Երեւի այդ պատճառով ալ կարօտով լեցուած սիրտս ու միտքս զիս այդքան կը քաշեն դէպի  ծննդավայրս: Կ’ուզէի ապրիլ այնպիսի երկրի մէջ, ուր չկայ պատերազմի սպառնալիք, ուր կարելի է հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ: Արցախի մէջ «խաղաղութիւն» ըսուածը սահմանային փոքր պատերազմներու միջեւ ինկած կարճատեւ ժամանակահատուածն է: Որքա~ն կը ցանկայի կարենալ ապրիլ այնտեղ` իմ ծննդավայրիս մէջ, ուր խաղաղ է երկինքը: Բայց միայն Արցախի մէջ ապրած մանկութեանս տարիներն ու հասունացած հոգիս ինծի ետ կը պահեն, այս տասնվեց տարիներուն ընթացքին Արցախ ինծի համար հարազատ տուն  դարձած է:  Յաճախակի կը յիշեմ հոգիիս հարազատ դարձած սահմանական տողերը. «Ախր ուրիշ տեղ ամէն մի քարից, առուից, ակօսից   Իմ աչքերով իմ աչքերին նայող Մանկութիւն չկայ….»:

Կ’ըսեն նաեւ, որ շատերուն  հարցուցած են, թէ ուր կը ցանկային ապրիլ, տարբեր կարծիքներ  եղած են, բայց ինծի համար շատ հաճելի էր եւ յուզիչ այս պատասխանը. «Կ’ուզէի ապրիլ երկրի ամենաբարձր կէտին մէջ, որպէսզի մօտ ըլլամ աստղերուն: Բայց չէ որ այնտեղ շատ ցուրտ է՞, չես ալ հասցներ աչքդ թարթել, հոգիդ իր ոտքով կը հասնի աստղերուն: Աւելի լաւ է ապրիլ տաք տեղ, կողքիդ ալ աստղ պահել…»:

Ուր ալ ըլլամ, գիտեմ, որ Արցախը իմ աստղս է, առանց որուն ապրիլ չեմ կրնար, եւ ուր ալ երթամ, կը հասկնամ, որ «Ամէնէն սիրուն, լաւ տունը, որ կայ, այս գորշ խրճիթն է, այս հին խրճիթն է, գետի եզերքին, ծառերու տակն է, ու կը շարունակեմ ապրիլ իմ հայրենի հողին մէջ` ականջս սահմանային կրակոցներու ձայնին, հոգիս` տագնապով լեցուն»:

Նաթաշա  Պօղոսեան,

Արցախի վաստակաւոր մանկավարժ,

Մարտակերտի Վլադիմիր Բալայեանի անուան միջնակարգ դպրոցի   հայոց  լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի

Հայերն այսօր

Scroll Up