Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի տարեկան լողորդական մրցումները

Տարիներու աւանդութիւնը շարունակուեցաւ այս տարի եւս, երբ տարեշըրջանի վերջաւորութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի բոլոր մարզիկները անխտիր մասնակցեցան լողորդական մրցումներուն։
Մրցումները տեղի ունեցան Կիրակի՝ 29 Մայիսի առաւօտեան ժամերուն, Նէա Զմիռնիի գոց լողաւազանէն ներս, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու ու մարզասէր հասարակութեան։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ մրցեցան 150 մարզիկներ, որոնք իրենց մրցումի աւարտին ստացան համապատասխան շքանշաններ ու վկայագրեր։
Հարկ է նշել, թէ թիւ մը մեր մարզիկներէն կը մրցին յունական ֆետերասիոնի խաղերուն եւս, ուր արժանավայել դիրքերու կ՚ արժանանան։
Սոյն մրցումներու բացումը կատարեց եղբ. Արամ Փիլաֆեան, որ ի միջի այլոց փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան նպատակը, փոքրերու մարզուելու անհրաժեշտութիւնը։
Յատուկ ակնարկ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակի առթիւ, ինչպէս նաեւ նոյն ձեռքէն գործադրուած Պոնտոսցիներու ցեղասպան եւ յոյներու ու ասորիներու կոտորածներուն։ Խօսքի վերջաւորութեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու անմեղ զոհերու յիշատակը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի լողի փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիսի վերջաւորութեան ու երկու ամսուայ դադարէ ետք պիտի վերսկսին Սեպտեմբերին։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹՂԹԱԿԻՑ