Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 40-րդ Տարելիցի Նշում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, 5 Յունիս 2016-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան  40-րդ տարելիցին առիթով, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Արաքս Խօշեան: Ան ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք նահատակ ընկերոջ կենսագրականը, ըսաւ. «Այսօր երիտասարդութիւնը վտանգուած է իր շուրջ գոյութիւն ունեցող յոռի երեւոյթներէն, եւ մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ,պէտք է  աշխատինք ամէն գնով, որպէսզի զգուշացնենք հայ երիտասարդը իրեն սպառնացող բոլոր վտանգներէն եւ յոռի երեւոյթներէն: Երիտասարդութեան նկարագիրին անբաժան գլխաւոր բաժինը պէտք է ըլլայ պայքարի ոգին: Ինճէեաններու, Զէյթլեաններու, Աշճեաններու հայրենասէր եւ գաղափարապաշտ նկարագիրները պէտք է ժառանգենք»:

Bedig1_60616

Բացման խօսքէն ետք, ասմունքով մը հանդէս եկաւ նոյն մասնաճիւղէն Կարէն Անտոնեան, որուն տուտուկով ընկերակցեցաւ Նաթալի Աբոգեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան. ան իր խօսքին սկիզբը պատկերաւոր եւ ազդու կերպով ներկայացուց 1976-ին Այնճար հայաւանի վիճակը` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան ըսաւ. «Ազատութեան բագինին համար նոր ատրուշան եւ օրհնեալ մկրտատուն դարձաւ. եւ իրմէ ետք եւ իր օրինակով քալեցին գաղափարի մեր բոլոր մարտիկները, որոնց ամէն մէկ գնդակն ու իւրաքաչիւր հարուածը սարսափի մատնեց աշխարհը եւ մեր դարաւոր թշնամին»: Խօշեան նաեւ անդրադարձաւ Պետիկ Ինճէեանի բեղուն եւ աշխուժ միութենական կեանքին` շեշտելով անոր նուիրական ոգին 15 տարիներու ընթացքին:

Օրուան պատգամախօսը աւելցուց. «Հերոսները չեն մեռնիր, այլ կ՛անմահանան. իրենց մահով կ՛անմահանան, որովհետեւ անոնք նահատակութեամբ գիտեն կեանք կերտել, կեանքին տալ իմաստ եւ արժանիք»: Ապա ան խօսքը ուղղելով յաջորդ սերունդներուն ըսաւ, թէ անոնք պէտք է քալեն արդարութեան մարտիկներու ուղիով, անկեղծութեամբ եւ անվախութեամբ թրծուած ուղիով: Քաղաքապետը իր խօսքին ընդմէջէն յիշեց նաեւ բոլոր այն հերոսները եւ նուիրեալ ընկերները, որոնք թէկուզ չնահատակուեցան, սակայն անոնք վիրաւորուեցան կամ դարձան բոլորովին հաշմանդամ: Վարդգէս Խօշեան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Պետիկ Ինճէեան ուզեց, որ մեր ընտանիքներուն եւ մեր անմիջական շրջանակին մէջ հայերէնը բիւրեղ հնչէ ու հայը ապրի հայ` իր լեզուով, մշակոյթով ու կենցաղով, որպէսզի արեամբ, կրակով ու մուխերով ողողուած անոր բացած ճամբան միայն վարդ ու շուշան ծաղկի, ոռոգելու համար նոր հերոսներու նահատակ արեամբ: Յիշատակդ անմառ, հերոս ընկեր»:

Օրուան պատգամէն ետք Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած ասմունքով մը հանդէս եկաւ Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը, ապա բեմ բարձրացաւ Վարանդա Եագուպեան եւ երգեց նահատակ ընկերոջ նուիրուած երգ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ կամաւորական գունդերու քայլերգով:

Bedig2_60616

Ձեռնարկէն ետք ներկաները ուղղուեցան գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ մուսալեռցի Պետիկ Ինճէեանի դամբարանին առջեւ, ապա աղօթքէ մը ետք «Վէրքերով լի» երգեցին:

Scroll Up