ԵՊՀ Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռաուսուցման Ծրագիրին Մասնակցող Տասը Լիբանանահայեր Վկայագիր Ստացան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 4 յունիս 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սեպուհ Այնթապլեան ողջունեց ներկաները հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան առիթով եւ ըսաւ, որ 21-րդ դարու պայմանները կը մղեն բոլորը բարելաւելու իրենց գիտելիքները իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ: Ան յաջողութիւն մաղթեց եւ շնորհաւորեց մասնակիցները իրենց տարած աշխատանքին համար:
Խօսք առաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ գոյութիւն ունեցող պատմաբաններու սերունդը ներկայիս անցեալի կաշկանդումներէն բոլորովին ձերբազատուած է եւ հայոց պատմութիւնը կրնայ ուսումնասիրել ոչ դասակարգային նկատառումներով: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ հայոց պատմութիւնը նորովի, արդիական եւ գիտական միջոցներով դասաւանդելու եղանակը, ապա գոհունակութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն հայոց պատմութիւնը Լիբանանի մէջ ու նաեւ դուրսը պիտի դասաւանդուի հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ ազգի լինելութեան հետ կապուած միատեսակ պատկերացումով եւ միատեսակ փորձառութիւն պիտի փոխանցուի սերունդներուն:
Ան ըսաւ, թէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ բնաւ սորվիլն ու իմանալը չի դադրիր, միշտ ալ մեր իմացածին վրայ նորը կառուցելու կարիք կը ստեղծուի, հետեւաբար գիտելիքները նորոգելը, զանոնք արդիականացնելն ու ժամանակակից դարձնելը հրամայական անհրաժեշտութիւն են բոլոր այն մարդոց համար, որոնք կը զբաղին գիր-գրականութեամբ, արուեստով եւ մասնաւորաբար ուսուցչութեամբ:
Խօսք առաւ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ հեռաուսուցման երկրորդ ծրագիրի յաջող աւարտը թէ՛ անձնական, թէ՛ Երեւանի Պետական համալսարանին համար մեծ յաղթանակ է: Ան հաստատեց, որ ծրագիրին մասնակցողներու թիւին աճը որակապէս ու քանակապէս յարատեւ պիտի ըլլայ, եւ տարիէ տարի նոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրուին:
Դոկտ. Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յատնեց ծրագիրի մասնակիցներուն եւ ըսաւ, թէ ամէն ոք իր ասպարէզին մէջ իր ստացած գիտելիքը պէտք է կիրարկէ ազգի եւ ինքնութեան պահպանման հարցին մէջ:
Ան յայտնեց, որ ծրագիրին մասնակից կը դառնան բոլոր անոնք, որոնք իրենց ասպարէզներուն մէջ որոշ չափով կ՛առնչուին հայոց պատմութեան հետ:
Ծրագիրը քանակի հետ կապուած չէ, այլ որակական, համեստ կամ յառաջատար խմբակներ եւ ներկայացուցիչներ ստեղծելու միտում ունի:
Դոկտ. Մ. Յովհաննիսեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Այսօրուան վկայուողները Երեւանի պետական համալսարանի դեսպաններն են Լիբանանի մէջ: Այս ծրագիրին նման յաջող քայլերով կամուրջները աւելի կ՛ամրանան հայրենիքին հետ, որպէսզի գալիք սերունդները հայրենիքին նային ուսման հեռանկարներով եւ գործնական կապեր հաստատեն:
Խօսքի աւարտին Մ. Յովհաննիսեան կարդաց Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէնին կողմէ յղուած շնորհակալագիրը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ սերունդներու դաստիարակութեան եւ հայ ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ պատմական արժէքներուն պահպանման գործին մէջ կառուցողական համագործակցութեան եւ յանուն ազգային եւ կրթական կազմակերպման իրականացած հարցերուն ցուցաբերած անշահախնդիր աջակցութեան համար: Նոյն առիթով շնորհակալագիր յանձնեց նաեւ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեանին:
Հանդիսութեան աւարտին դոկտ. Մ. Յովհաննիսեան իր ջերմ շնորհաւորանքը յայտնեց մասնակիցներուն, ապա յանձնեց անոնց վկայականները:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցման եռամսեայ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած 10 մասնակիցներն են Կարօ Գլնճեան, Ժուլիան Ստեփան, Պասել Ճալլուֆ, Սիլվի Աբէլեան, Ծաղիկ Սահակեան, Սալբի Թաշճեան, Թամար Սնապեան, Քնար Քիւրտեան, Մարալ Պաղտասարեան, Սրբուկ Ճենանեան:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: