«Հայկական ցեղասպանութիւնը ատենուան միջազգային մամուլի լոյսին տակ» ցուցահանդէսի բացում

Ուրբաթ երեկոյեան, Մայիս 27-ին, Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ շատ հետաքրքրական ցուցահանդէսի մը, որու թեման է «Հայկական ցեղասպանութիւնը ատենուան միջազգային մամուլի լոյսին տակ (Le génocide des Arméniens à la Une de la presse internationale de l’époque), ներկայութեամբ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի։
Վերոյիշեալ թանգարանի ֆոնտերէն առնուած 80-է աւելի ցուցանակներու վրայ ներկայացուած էին 1877-էն մինչեւ 1920-ական թուականները արեւմտեան զանազան հրատարակութիւններու առաջին մեծադիր էջերը (la Une) որոնք ցոյց կու տային Օսմանեան կայսրութեան մէջ Թուրքերու գործած խժդժութիւնները՝ հանդէպ կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդներուն. պուլկար, մակեդոնացի, յոյն եւ մանաւանդ հայ։ Անհերքելի, անուրանալի վկայութիւններ որոնց դէմ դժուար է ըսել որ՝ Փարիզէն Լոնտոն, Հռոմ, Վիեննա ու Նիւ Եորք մարդիկ խօսք-մէկ ըրած էին Թուրքը սեւցնելու համար։ Յիշենք անոնցմէ մի քանի անուններ – L’Illustration, Le Pèlerin, եւ Petit Parisien, L’Univers Illustre, Le Journal des Voyages (Ֆրանսա), La Domenica del Corriere, Illustrazione (Իտալիա), London News Illustried, Punch, the Independant, Harpers Weekly (Անգլիա), Cristal Herald, Puck, The Red Cross Bulletin (Ամերիկա)։ Զգայացունց էջերով, այդ բազմահազար ընթերցողներ ունեցող լուրջ հրատարակութիւնները չեն վարանած մերկ իրականութիւնը սփռելու, երբեմն ի հեճուկս իրենց կառավարութիւններու սաստերուն…
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելով, կեդրոնի տնօրէն Խաչիկ Եըլմազեան ներկայացուց օրուան հիւրը։ Հայկ Դեմոյեան ծնած է Գիւմրի 1975-ին. ան պատմութեան դոկտոր է եւ հակառակ երիտասարդ տարիքին 40-է աւելի լուրջ մենագրութիւններու հեղինակ է. ստացած է զանազան պատուանը-շաններ ու ճանչցուած դէմք է միջազգային ցեղասպանագիտական շրջանակներու մէջ։ Մօտ տասը տարիէ ի վեր տնօրէնն է Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանին, որ իր մականին տակ ընդարձակուած է եւ դարձած նաեւ հիմնարկ (institut)։
Խօսք առնելով իր կարգին Հայկ Դեմոյեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Մարսիլիա գտնուելուն, մաղթելով որ այս առաջին հանդիպումը չ՚ըլլայ վերջինը։ Հանգամանօրէն խօսեցաւ իր ղեկավարած հաստատութեան մասին, որ ծանօթ է համայն հայութեան։ Ըսաւ թէ հազիւ տնօրէն՝ 2009-ին հանդիպած է արժէքաւոր վկայութիւններ եղող այդ հրատարակութիւններուն, եւ զանոնք ամփոփելով՝ լծուած է բազմալեզու գիրք-ալպոմ կազմելու աշխատանքին։ Անցեալ տարի մէկ-մէկ օրինակ ալ նուէր ուղարկած է Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին։ Կարճ, ամփոփ խօսելով Դեմոյեան փափաքեցաւ հարցում-պատասխանի լայն բաժին մը ձգել։ Առանց խուսափելու պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք պէտք է ընդգծել – ի տարբերութիւն շատ տեղեր պատահածներուն – անլուրջ, անիմաստ հարցումներ չէին։ Բաւական բազմամարդ հանրութեան մէջ նշմարեցինք ներկայութիւնը ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանի, Տէր Կոմիտաս եւ Արամ քահանաներու եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Սուքիասի, նաեւ զանազան հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։ Այլեւս աւանդական դարձած հիւրասիրութեամբ մը փակուեցաւ երեկոյթը։ Ցուցադրութիւնը բաց կը մնայ երկու շաբաթ։
«Նոր Յառաջ»