Հայրենի Տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի Գլխաւորած Եռեակը Լիբանանի Մէջ Բարձր Արուեստով Ներկայացուց Ժողովրդական Երաժշտութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի եւ իր ընկերներուն ելոյթը:
Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Դաւիթ Գազանճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց հայրենի տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանն ու անոր ընկերակցող երաժիշտները` տուտուկահար Նարեկ Մնացականեանը եւ տհոլահար Աւետիս Քէօսէեանը: Դաւիթ Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ձեռնարկը հովանաւորողներուն յատուկ կերպով շեշտեց հայկական աւանդական գործիքը` տուտուկը հայկական իրականութեան մէջ վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ մշակութային հարուստ երեւոյթ:
Յայտագիրին ընթացքին Արսէն Պետրոսեանն եւ ընկերները ներկայացուցին «Էշխեմեդ», «Սարի աղջիկ», «Եայլաւոր եարս», «Նազանի», «Սարի Լալա» եւ ժողովրդային երգերու շարք մը: Ներկայացուեցաւ լիբանանցի անուանի երգչուհի Ֆէյրուզի երգերէն եղանակ մը: Ամերիկահայ յօրինող Արա Տինքճեանի «Lullaby of the sun» երաժշտութեան կատարման ընկերակցեցաւ լիբանանահայ կիթառահար Նորայր Տաղլեան: Տհոլի մենակատարութեամբ հանդէս եկաւ Աւետիս Քէօսէեան: