64 Սուրիահայ Երիտասարդներ Համալսարանական Վկայական Ստացան

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ  Բեր­իոյ Հա­յոց  Թե­մի  Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուր­իա­հայ Հա­մալ­սա­րա­նա­կան Միու­թ-   եան Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան, Ուր­բաթ, 27 Մա­յիս 2016-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4:00-ին, «Գ.Եսայ­եան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուր­ի­ա­հայ Հա­մալ­սա­րա­նա­կաններու Միու­թեան  վկա­յա­կա­նաց բաշխ­ման հան­դի­սու­թիւնը:

Հան­դի­սու­թեան բնա­բանն էր «Վե­րած­նուն­դէն վե­րա­կանգ­նում»:

Բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, որ­ոնցմէ ետք ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը:

Արա­բե­րէն լե­զուով բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց Հրակ Հա­յի­թեան: Ան իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ դառ­նա­լուն առի­թով  եւ շեշ­տեց, թէ գի­տու­թեան լոյ­սը հիմ­նա­կան փաստն է, որ մենք դէմ կը դնենք Սուր­իա թա­փան­ցած խա­ւա­րա­միտ հո­սանք­նե­րուն եւ գի­տութ­եամբ կը նուիր­ուինք մեր ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քին: Ան նշեց , թէ  որ­պէս սուր­ի­ա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ, հա­կա­ռակ տի­րող դժն­դակ պայ­ման­նե­րուն, հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ  աշ­խա­տան­քով կր­ցանք հաս­նիլ մեր նպա­տա­կին` պատ­րաս­տե­լով այն­պի­սի ուս­եալ սե­րունդ մը, որուն վրայ մեծ յոյ­սեր դր­ուած են 21-րդ դա­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար: Աւար­տին ան խա­ղա­ղու­թիւն մաղ­թեց Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին:

Հա­յե­րէ­նով բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց Լիւ­սի Մա­տա­րիկ­եան: Ան կա­րե­ւո­րեց կր­թու­թեան դե­րը 21-րդ դա­րու քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ եւ մատ­նան­շեց կր­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը ապա­գա­յի տի­պար, պա­տաս­խա­նա­տու եւ բարձր բա­րո­յա­կա­նի տէր քա­ղա­քա­ցի­ներ պատ­րաս­տե­լու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ: Ապա աւել­ցուց ըսե­լով` Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի տագ­նա­պա­լից օրե­րուն, որ­պէս յոյս ներշն­չող ապա­գայ սե­րունդ, փոր­ձե­ցինք յաղ­թա­հա­րել բո­լոր  դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, կա­տա­րե­լա­գոր­ծել մեր ու­սու­մը եւ մեր ներդ­րու­մը բե­րել հայ մշա­կոյ­թին եւ Հայ Դա­տին: Հուսկ, ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ հո­գե­ւոր առաջ­նորդ­նե­րուն` իրենց ցու­ցա­բե­րած նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նա­եւ երախ­տա­գի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց յար­գե­լի ծնող­նե­րուն:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րին մաս կազ­մե­ցին հե­տեւ­եալ վկայ­եալ­նե­րը. դաշ­նա­մու­րով  եւ ջու­թա­կով, Ռու­պի Պա­գար­եան եւ Ման­ուէլ Աշըգ­եան  ներ­կա­յա­ցու­ցին « A song from secret garden» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, իսկ Յա­կոբ Այն­թէպլ­եան «Դու շո­րո­րա» եւ «Հա­յաս­տան» եր­գե­րը:

Օր­ուան  բե­մա­վար­ներն էին ճա­միլ Սան­սուր եւ Փա­թիլ Աղայ­եան, որոնք հե­տաքրք­րա­կան մէջ­բե­րում­նե­րով հարս­տա­ցու­ցին յայ­տա­գի­րը:

Այ­նու­հե­տեւ Յա­կոբ Գսա­ճիկ­եան հո­գե­պա­րար առո­գա­նու­թեամբ աս­մուն­քեց Յ.Թու­ման­եա­նի «Հին օրհ­նու­թիւն» քերթ­ուա­ծը, որուն յա­ջոր­դե­ցին Ռի­թա Քէ­շիշ­եա­նի եւ Նու­շիկ Պախ­չէճ­եա­նի սր­տի խօս­քե­րը:

Խմ­բա­յին աս­մուն­քով հան­դէս եկան Իզա­պէլ Սի­մոն­եան, Շո­ղեր Փա­յաս­եան, Նա­նոր Գա­պագ­եան  «Խա­ղա­ղու­թիւն» ստեղ­ծա­գոր­ծութ­եամբ: Այ­նու­հե­տեւ դաշ­նա­մու­րի վրայ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Աշոտ Սաթ­եա­նի «Էլէկ­իա» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, կա­տա­րո­ղու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի:

Ապա եւ­րո­պա­կան «Eyes on me»եւ«I՛m alive» եր­գե­րով հան­դէս եկաւ Ծի­լա Ճա­պաղ­ջուր­եան:

Սուր­ի­ա­հայ Հա­մալ­սա­րա­նա­կաններու Միու­թեան Վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց  Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Բեն­ի­ա­մին Վար­դան­եան:      Ան  քա­ջա­լե­րեց վկայ­եալ իր ըն­կեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը այս տագ­նա­պա­լի պայ­ման­նե­րուն մէջ իրենց ձեռքբե­րած յա­ջո­ղու­թեան առի­թով: Արա­բե­րէն լե­զուով իր սր­տի խօս­քը փո­խան­ցեց Քաթ­իա Սա­րա­մա­նուկ­եան, որուն յա­ջոր­դեց Նա­րի­նէ Սի­սեռ­եա­նի դաշ­նա­մու­րով կա­տա­րու­մը` իր յօ­րի­նած «A dreamer» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան:

Թա­մար Մի­քա­յէլ­եան եւ Գա­րո­լին Պապ­եան աս­մուն­քե­ցին «Կանք, պի­տի լի­նենք» բա­նաս­տեղ­ծա­կան հատ­ուա­ծը:

Պե­տիկ Սի­միկ­եան դաշ­նա­մու­րով ներ­կա­յա­ցուց արե­ւել­եան երաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու  փունջ մը:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րի վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­մով հան­դէս եկան Մեղ­րիկ եւ Արե­ւիկ Աթաշ­եան քոյ­րե­րը եւ­րո­պա­կան «Boogie shoes» պա­րով:

Հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը փո­խան­ցեց եւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խու­մը կա­տա­րեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ  Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան:  Սր­բա­զան հայ­րը ան­հուն ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց եւ գնա­հա­տեց շր­ջա­նա­ւարտ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը եւ անոնց ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց եր­կու կա­րե­ւոր մտա­ծում­ներ: Առա­ջին հեր­թին, կոչ ուղ­ղեց տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րուն ըլ­լալ այն­պէս, ինչ­պէս որ են եւ այն­պէս, ինչ­պէս, որ կ՛ու­զեն ըլ­լալ, որ­պէս­զի մար­դիկ զի­րենք յար­գեն, սի­րեն եւ ըն­դու­նին: Այ­նու­հե­տեւ աւե­տա­րա­նա­կան հե­տեւ­եալ ճշ­մար­տու­թեան հրա­ւի­րեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը. «Ձեր այոն այո թող ըլ­լայ, իսկ ոչը` ոչ, ատ­կէ աւե­լին չա­րէն կու գայ»: Հայ­րա­կան իր փոր­ձա­ռու­թեամբ սր­բա­զան հայ­րը պա­հան­ջեց երի­տա­սարդ շըր­ջա­նա­ւարտ­նե­րէն դա­ժան այս աշ­խար­հին մէջ ըլ­լալ իւ­րա­յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն, ներշնչ­ուե­լով ծնող­նե­րէն, պատ­մու­թեան հե­րոս­նե­րէն, սուր­բե­րէն, պատ­մա­կան դէմ­քե­րէն եւ շա­րու­նակ ինք­նաքն­նու­թիւն կա­տա­րել ու աշ­խա­տիլ` ճշ­դե­լով կեան­քի նպա­տա­կը:

Իր խօս­քի աւար­տին սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն ծնող­նե­րը անոնց թե­լադ­րե­լով մշ­տա­պէս աղօ­թել  ան­բա­րենը­պաստ այս օրե­րուն մէջ, շեշ­տե­լով որ մինչ դուր­սը ռում­բեր կը տե­ղան մենք յաղ­թա­կա­նօ­րէն կը բաշ­խենք վկա­յա­կան­նե­րը հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րուն, որոնք մեր ներ­կան են ու ապա­գան:

64 շր­ջա­նա­ւարտ­ներ Առաջ­նորդ  Սր­բա­զան Հօր ձե­ռամբ ստա­ցան հայ­կա­կան վկա­յա­կան­ներ:

Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ սըր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով:

Ռուպի Պագարեան

1 2 3 4

Scroll Up