Հալէպի Մէջ Հրթիռակոծումներ, Լաթաքիոյ Մէջ Ահաբեկչական Պայթիւն

Այսօր Լաթաքիոյ Ալտաաթար թաղամասին մէջ հեծանիւ վարող ականապատուած ահաբեկիչ մը ինքզինք պայթեցուց, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 2, վիրաւորուեցաւ 4 քաղաքացի։

Յետ միջօրէին Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղ, Սուլէյմէն Հալէպի, Շէյխ Մագսուտ եւ Ճապրիէ շրջանները։ Արձանագրուեցաւ մէկ զոհ, 15 վիրաւոր։

«Գանձասար»ի աշխատակից Յո իկ Շէհիրեան տեղեկացուց, թէ Վիրաւորներուն մէջ է հալէպահայ Ժոզէֆ Գոչեան, որուն վիճակը կայուն է։

Լուսանկարները՝ Յովիկ Շէհիրեանի, Նոր Գիւղ։

1 3

Scroll Up