Հայրենի Գիտնական Արուեստագէտ Լուսանկարիչ Սուրէն Մանուէլեանի «Քու Գեղեցիկ Աչքերդ» Ցուցահանդէսը Թէքէեան Կեդրոնի Մէջ

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանատան, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25ամեակի առիթով, Ուրբաթ՝ 20 Մայիս 2016ին, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը ներկայացուց հայրենի վաստակաւոր լուսանկարիչ Սուրէն Մանուէլեանի՝ «Քու Գեղեցիկ Աչքերդ» վերնագիրով գործերուն ցուցահանդէսը: ԹՄՄ իր սիրտին եւ միտքին մէջ ունենալով Հայրենիքի բարօրութիւնը, հայ ազգի եւ արժէքներու պանծացումը, անգամ մը եւս հանդէս կու գար եզակի ձեռնարկով մը, որով Լիբանանի եւ լիբանանահայ ու օտար հանրութեան կը ներկայացնէ հայրենի գիտնական լուսանկարիչ՝ Սուրէն Մանուէլեանի ստեղծագործական եզակի գործերը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ ընկեր տոքթ. Վիգէն Ասիլեան բեմ բարձրացաւ՝ բացման խօսքը կատարելու անգլերէն լեզուով, որովհետեւ Թէքէեան Կեդրոնի սրահին մէջ կային նաեւ ոչ-հայեր: Նշենք, որ շատ մը հայ եւ տեղացի լուսանկարիչներ ալ եկած էին, լսելու հայ արուեստագէտին խօսքերը եւ լուսաբանուելու անոր անոնցմով ու իր ստեղծագործութիւններէն: Ընկեր տոքթ. Ասիլեան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ. «25 տարիներ առաջ հայ ազգը նախաձեռնեց՝ Արցախը Ազրպէյճանէն ազատագրելու հերոսական քայլին: Ազատագրումի այս պայքարը կը զուգադիպէր ՀՀ անկախութեան հռչակումին հետ: Այսօր հայ ազգի զաւակներուն, նուիրումին, ջանքերուն եւ զոհողութեան շնորհիւ կրնանք ըսել, որ պայքարը իր պտուղը տուաւ՝ ահաւասիկ Հայաստանի անկախութիւնը իրականութիւն մըն է եւ Արցախը ազատագրուած: Այս յաղթանակը հերոս ժողովուրդի մը հերոսական արարքի արդիւնքն է: Հպարտ եմ ձեզի ներկայացնելու այս հերոս ժողովուրդի արուեստի ներկայացուցիչը՝ Պրն. Սուրէն Մանուէլեանը:
Սուրէն Մանուէլեան այն եզակի անհատներէն է, որոնց իրագործութիւններու հզօրութիւնը «աչքերդ կը բանայ»: Ան ծնած է Երեւանի մէջ 1976 թուականին: Երեւանի պետական համալսարանէն ստացած է դոկտորի աստիճանը տեսական բնագիտութեան (Theoretical Physics) մէջ: Այդ մարզին մէջ ան արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին:
Պրն. Մանուէլեան յաջողակ դաստիարակ մը ըլլալու կողքին, նաեւ տաղանդաւոր երաժիշտ մըն է: Ան կը նուագէ հինգ տարբեր նուագարաններ: Իսկ Երեւանի Ուոլտորֆ (Woldorf) վարժարանին մէջ ան կ’ուսուցանէ բնագիտութիւն, թուաբանութիւն եւ աստղագիտութիւն նիւթերը: 1997-էն 2011 ան ծառայած է որպէս գիտական հետազօտող՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Բնագիտութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկէն ներս:
Պրն. Սուրէն Մանուէլեան լուսանկարչութեան սկսած է 16 տարեկանին: 2006 թուականին ան կը շահի համաշխարհային հռչակ, որպէս վաստակաւոր լուսանկարիչ: Անոր լուսանկարները հրապարակուած են զանազան պարբերաթերթերու մէջ՝ Հայրենիքի եւ աշխարհի տարածքին: Իր «Քու Գեղեցիկ Աչքերդ» վերնագիրով ծրագիրը, Պիհանս (Behance) կայքի ամենաշատ տեսնուած էջն է՝ 2,999,655 այցելուներով, որով ան ամէն ժամանակներու ամենագնահատուած լուսանկարիչն է այդ ծրագիրն:
Սոյն ցուցահանդէսը կը վայելէ պատուաւոր հովանաւորութիւնը՝ Լիբանանի մօտ ՀՀ վսեմաշուք դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանին:
Իսկ այժմ խնդրեմ ողջունեցէք մեր թանկագին հիւրը՝ Պրն. Սուրէն Մանուէլեանը»:
Լուսանկարիչ Սուրէն Մանուէլեան բեմ բարձրացաւ ներկաներու ջերմ ծափահարութեան տակ: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործերու ցուցահանդէսը հովանաւորող եւ զինք հիւրընկալող կողմերուն՝ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան եւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան: Բացման խօսքին եւ հրաւիրատոմսերու վրայ գրուած տեղեկութիւններով բաւարարուելով, Պրն. Մանուէլեան երկար չխօսեցաւ իր մասին եւ անցաւ իր աշխատանքի ներկայացման: Ան իր խօսքը սկսաւ այն հարցումով, զոր յաճախ թղթակիցները կը հարցնեն իրեն՝ «ինչո՞ւ աչքեր կը նկարես»: «Պատասխանը պարզ է»-, ըսաւ ան-, «որովհետեւ հայ աչքերը գեղեցիկ են»: «Աչքը հոգիին պատուհանն է»-, շարունակեց լուսանկարիչը-, «այդ պատճառաւ ես նկարած եմ տարբեր ազգութիւններու պատկանող մարդոց աչքերը: Ոչ մէկ աչք նման է միւսին. նոյնիսկ աջը ձախէն տարբեր է: Նմանութիւն կայ սակայն իւրաքանչիւր կենդանատեսակի միջեւ: Իւրաքանչիւր կենդանատեսակ ունի իւրայատուկ աչքի ձեւ»: Այս ըսելով Պրն. Սուրէն ներկաներուն հրամցուց իր լուսանկարած աչքերու պատկերներէն հաւաքածոյ մը: Իր ներկայացումը աւելի հետաքրքրական դարձնելու ձգտումով, ան սկսաւ իւրաքանչիւր կենդանատեսակի աչքի նկարին ո՞ր կենդանիի պատկանիլը հարցնել ներկաներուն: Պրն. Սուրէն ունէր նաեւ գիշերը նկարուած վանքերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ բնութեան գեղեցկութիւնը արտայայտող տեսարաններ:
Օրուան հիւր լուսանկարիչ Սուրէն Մանուէլեանի իր նիւթի ներկայացումէն ետք, ընկեր Տիրան Սարգիսեան բեմ հրաւիրեց ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանը, սոյն առիթով իր խօսքը արտասանելու: Պրն. Մկրտչեան վեր առաւ լուսանկարչութեան աշխարհի մէջ Սուրէն Մանուէլեանի ստեղծագործութեան նորութիւնը, որով ան Հայաստանի եւ հայ արուեստագէտի անունը բարձրացուցած էր Հայրենիքի եւ աշխարհի տարբեր կողմերը: Պրն. Մկրտչեան գնահատեց արուեստագէտի ճարտարութիւնը, թէ ինչպէս ան կրնայ իր ճարտարագիտութեամբ նկարել այնպիսի տեսարաններ, զորս միայն հմուտ արուեստագէտի մը աչքը կարող է նկատել եւ յարմար ժամանակը ընտրել նկարելու: Դեսպան Մկրտչեան բարձր արժեւորեց նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25ամեակի նուիրուած այս ձեռնարկը, զոր ԹՄՄի հետ միասնաբար գործակցելով իրականացաւ: Ան նշեց, թէ Հայաստանի մէջ արուեստն ու ստեղծագործութիւնները կանգ չեն առած, որու մէկ դրսեւորումն էր գիտնական արուեստագէտ Սուրէն Մանուէլեանի գործերը: Հուսկ Պրն. Մկրտչեան յաջողութիւն մաղթեց Սուրէն Մանուէլեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԹՄՄին այս ձեռնարկի իրականացման համար:
Պրն. դեսպանի խօսքէն ետք ընկեր Տիրան Սարգիսեան բեմ բարձրացաւ եւ խնդրեց Պրն. Դեսպանէն թիւ մը ընտրել, որու հիման վրայ լուսանկար մը աճուրդի դրուեցաւ: Ապա ԹՄՄ Հիմնադիր Մարմինի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, ԹՄՄի անունով յուշանուէրով մը պատուեց Պրն. Սուրէն Մանուէլեանը, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ:
Սպասուած պահը հասած էր: Ներկաներէն փափաքողներ կանգ առին, որպէսզի Պրն. Մանուէլեան իրենց աչքերը լուսանկարէ: Ես ալ բախտը ունեցայ նկարուելու, երկար սպասելէ ետք:
Գնահատանք եւ շնորհակալութիւն ՀՀ դեսպանատան սոյն ձեռնարկի հովանաւորութեան, իսկ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան՝ նախաձեռնութեան համար: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենի արուեստագէտ Պրն. Սուրէն Մանուէլեանին:
Այս մասին կը յայտնէ ragmamoul.net: