Վարչապետին Ներկայացուած Են «Ռոսդելեքոմ»-ի Կողմէ ՀՀ-ի Մէջ Նախատեսուող Ներդրումային Ծրագիրները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/10744_am_1.jpg)
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է ռուսական «Ռոսդելեքոմ» ընկերութեան
նախագահ Սերգէյ Կալուկինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետը ողջունած
է ռուսական յառաջատար ընկերութիւններէն մէկուն գործունէութիւնը
Հայաստանի մէջ եւ ՀՀ կառավարութեան աջակցութիւնը յայտնած է «Ռոսդելեքոմ»-ի
կողմէ մեր երկրին մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման:
Սերգէյ Կալուգինը գոհունակութիւն յայտնած է կապի ոլորտէն ներս Հայաստանի մէջ
ստեղծուած ենթակառուցուածքներէն եւ ներկայացուցած է «Ռոսդելեքոմ»-ի ներդրումային
ծրագիրները: Ռուսական ընկերութիւնը կը նախատեսէ մինչ 2017 թուականը
Հայաստանի մէջ ներդնել 26 մլն տոլար: «Ռոսդելեքոմ»-ի ղեկավարը նշած է, որ
իր գլխաւորած ընկերութիւնը յառաջիկային կը նախատեսէ իր
ծառայութիւններով մուտք գործել մեր երկրէն ներս բազմաթիւ քաղաքներ:
Այնուհետեւ կողմերը քննարկած են Հայաստանի մէջ ստեղծուող վենչուրային
հիմնադրամին եւ արդէն իսկ գործող ազատ տնտեսական գօտիի ներքոյ «Ռոսդելեքոմ»-ի հնարաւոր
ներգրաւման ուղղուած հարցեր:
gov.am