ՀՀ Սփիւռքի Փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան Մասնակցեցաւ Առաջին Հայկական PR Մրցանակաբաշխութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/359.jpg)
Մայիս 31-ին «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական հասարակական կազմակերպութան նախաձեռնութեամբ, Beeline ընկերութեան հովանաւորութեամբ Քոնկրէս հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հայկական PR մրցանակաբաշխութիւնը, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:
Ողջունելով PR մրցանակաբաշխութեան իրականացման գաղափարը` Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու համար մրցանակ շնորհեց Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաւօտ լուսոյ» ծրագիրի ստեղծագործական խումբին:
Հայկական PR մրցանակաբաշխութիւնը կը նուիրուէր Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին, ինչպէս նաեւ «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ-ի 10-ամեակին: