Տեղի Ունեցաւ «Արարատը Հայու Աչքերով» Լուսանկարչական Ցուցահանդէսի Բացումը

Մայիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու եւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ Թէքէեան կեդրոնին մէջ բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Արարատը հայու աչքերով» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր իրենց աշխատանքները  ներկայացուցած են Հայաստանի, ԱՄն-ի եւ Պրազիլի հայ լուսանկարիչները:

 Բանալով ցուցահանդէսը` «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` ցուցադրութեան բացման աջակցելու համար: Ան նշեց, որ ձեռնարկին նպատակն է համախմբել հայ արուեստագէտները Երեւանի մէջ, ճանաչելի դարձնել ժամանակակից լուսանկարչութիւնն ու հեղինակները, ինչպէս նաեւ ներկայացնել մեր ազգի խորհրդանիշ Արարատ լեռը հայ արուեստագէտներու ամենատարբեր ընկալումներով:

 Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմնի պատուաւոր քարտուղար եւ Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Ուզունեան: Ան ընդգծեց, որ ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի նաեւ աշնան Արցախի մէջ: Ծրագիրներ կան այլ երկիրներու մէջ ցուցադրութիւններ կազմակերպելու  ուղղութեամբ:

 

Scroll Up