«Այգեպար Ապրող Իւրաքանչիւր Բնակիչ Շատ Դժուարութեամբ Կը Հեռանայ Գիւղէն». Արեւիկ Արզումանեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Այգեպար.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը կապ հաստատած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն հետ. այս անգամ հարցազրոյցը Այգեպարի դպրոցի տնօրէն Արեւիկ Արզումանեանի հետ է:
–Տարիներ շարունակ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները ապրած եւ կ’ապրին ազերիներուն կողմէ մշտատեւ կրակոցներու վտանգի ներքոյ. տիկի՛ն Արզումանեան, բնականաբար, այդ վտանգը կախուած եղած է նաեւ դպրոց յաճախող անպաշտպան երեխաներու գլխուն, ինչպէ՞ս դպրոցը դիմակայած է, ինչպէ՞ս աշակերտներուն կը նախապատրաստէք յանկարծահաս «Աստուած մի արասցէ» աւելի լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն:
-Բոլորս ալ գիտենք,որ Այգեպար գիւղը սահմանային ամենավտանգաւոր գօտիին մէջ գտնուող գիւղերէն մէկն է: Բնականաբար, մեր աշակերտները դեռեւս շատ փոքր տարիքէն նախապատրաստուած են` դիմակայելու թշնամիի մշտատեւ կրակոցներուն , անոնք գիտեն, թէ երբ վտանգաւոր է, երբ պէտք է պատրաստուին եւ ուր: Դպրոցէն ներս յաճախակի կ’իրականացուին նախապատրաստական ձեռնարկներ:
–Կ’ըլլա՞ն դէպքեր, երբ ծնողները ընդհանրապէս երեխաները դասի չուղարկեն` վախնալով թշնամիին կողմէ գիւղին վրայ ինկող արկերէն, դիպուկահարներու կրակոցներէն, ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին ծնողներուն հետ:
-Այդպիսի դէպքեր հազուագիւտ կը հանդիպին` 1-2 ծնող. Հիմնականին մէջ երեխաները պարտաճանաչ կը յաճախեն դպրոց, որքան ալ որ նախորդ օրը կրակոցներ եղած ըլլան: Ի հարկէ, ծնողներուն հետ աշխատանքներ կը տարուին, անոնք գիտեն կրակոցներու ժամանակ ինչպէս վարուիլ:
–Դուք կ’ապրիք ատրպէյճանական դիրքերուն շատ մօտ. այսինքն` ամէն գիշեր ու ամէն առաւօտ ` կեանքի ու մահուան անկանխատեսելի սահմաններու մէջ. երբեւէ չէ՞ք մտածած Ձեր բնակատեղին լքելու մասին:
-Կ’ուզէք հաւատաք, կ’ուզէք` ոչ, Այգեպար ապրող իւրաքանչիւր բնակիչ շատ դժուարութեամբ կը հեռանայ գիւղէն, այն ալ ոչ թէ կրակոցներու պատճառով, այլ աւելի շատ աշխատանք չունենալու եւ ընտանիքը պահել չկարողանալու պատճառով:
–Տիկին Արզումանեա՛ն, ուրկէ՞ կու գայ տաւուշցիի` այդչափ հայրենասէր, իր հողին կառչած ըլլալու անսահման ներուժը:
-Մեր չքնաղ բնութիւնը, մեր նախնիներու օրինակը եւ դաստիարակութիւնը տուած է մեզի այդ անսահման ներուժը:
– ինչպիսի վնասնե՞ր կրած է Այգեպարի դպրոցը ատրպէյճանական դիրքերէն արձակուած կրակոցներուն հետեւանքով եւ երեխաներու յաճախելն ու տունդարձը հնարաւորինս ապահովելու համար ի՞նչ միջոցներ կը կիրառուին` պատնէշներ, քարաշեղջեր….
-Այգեպարի դպրոցը ամբողջութեամբ տեսանելի է թշնամիի դիտակէտերէն եւ կը գտնուի մշտական թիրախի տակ, դպրոց յաճախելը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար միշտ ալ վտանգաւոր եղած է: ՀՕՖ-ի հայաստանեան գրասենեակի ջանքերով դպրոցի տարածքին մէջ գիւղամիջեան ճանապարհներու երկայնքով կառուցուած են պաշտպանական պատեր` աշակերտներուն եւ բնակիչներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով:
–Ինչ բանի կարի՞ք ունի սահմանամերձ Այգեպարի դպրոցը:
-Առաջին հերթին` խաղաղութիւն: Տէ, ի հարկէ, խնդիրներ շատ կան դպրոցին մէջ, այս հարցով մտահոգուած ենք:
Հարցազրոյցը` Կարինէ Աւագեանի