Տհոքի Հայ Համայնքը Նշած Է Մայիս 28-ը

Տհոքի հայ համայնքը այնպէս, ինչպէս համայն հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, իր փոքրիկ ներդրումը ունեցաւ մայիսեան տօնակատարութիւններուն: Մայիս 28-ին Իրաքի մէջ Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մայիս 28-ի սուրբ յաղթանակին նուիրուած ձեռնարկ, որ յագեցած էր հայրենասիրական երգերով, ազգային պարերով եւ ասմունքով: Այս մասին Տհոքէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Այգ Պետրոսեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր պրն. Ռուբէն Սադոյեան, Քիւրտիստանի խորհրդարանի անդամ պրն. Երուանդ Ամինեան եւ շարք մը այլ հայ եւ եզիտի հիւրեր:
Երեկոյթի աւարտին Տհոքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ տէր Մասիս քհն. Շահինեան Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին խորհրդանշող յուշանուէր յանձնեց պրն. Ռուբէն Սադոյեանին:
Տէր Մասիս քհն. Շահինեան իր փակման ելոյթին մէջ մատնանշեց այն փաստը, որ Տհոքահայութեան մեծամասնութիւնը հայախօս չէ, սակայն հոգիով հայ է:
«Կը փորձենք մշտապէս հայոց լեզուի եւ կրօնի դասընթանցներ կազմակերպել, որոնց միջոցով կը յաջողինք աւելի խորը սերմանել հայու ոգին եւ մտածելակերպը մեր մանուկներուն մէջ»,-նշած է Տհոքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւը: