Վառնայի Հայ Շրջանաւարտները Տեղի Սուրբ Սարգիս Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Ստացան Աստուծոյ Օրհնութիւնը

Մայիս 29-ին` Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածինի տօնին, Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց համայնքի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Բարդուղիմէոս քահանայ Յակոբեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Կանթեղ Արարատեան» հայկական տեղեկատուական  կայքէն:

Արժանապատիւ Տէր Հայրը իր հոգեշունչ քարոզին մէջ խօսեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հիմնադրման, անոր դերին ու նշանակութեան մասին:

Պատարագին ներկայ էին նաեւ այս տարուան Վառնայի հայ շրջանաւարտները, որոնց յատուկ հրաւիրած էր Տէր Հայրը: Պատարագի աւարտէն յետոյ տեղի ունեցաւ Վառնայի հայ համայնքէն ներս այլեւս աւանդութիւն դարձած «Շրջանաւարտներու օրհնութեան կարգ»: Տէր հայրը օրհնեց բոլոր շրջանաւարտներուն եւ մաղթեց անոնց բազմաբեղուն ապագայ եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը իրենց յետագայ նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանքի արարողութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աղօթեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան եւ պայծառութեան ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կեանքի արեւշատութեան եւ արգասաւոր հովուապետութեան համար:

23 5 6

Scroll Up