Հայաստանի Անկախութեան 98րդ Ամեակի Նուիրուած Պարահանդէս Սիտնիի Մէջ

Շաբաթ 28 Մայիս 2016ին աւելի քան 300 հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին անկախութեան 98րդ ամեակի նուիրուած պարահանդէս մը Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահէն ներս:

Պարահանդէսի ընթացքին բացման խօսք արտասանեց ընկերուհի Սոնիա Պետրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ կէտերով ներկայացուց օրուայ երեկոն յեղափոխական երգերով խանդավառող Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) կենսագրականը:

13331138_993775614033058_8873869525850121133_n

Օրուայ պատգամը փոխանցեց Աւստրալիոյ ՀՅԴ <<Դրօ>> Կոմիտէի անդամ ընկեր Գէորգ Վարդանեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ <>:

13343150_993775054033114_8631754808033398541_n

Ժողովրդային եգերով երեկոն խանդավառեց գաղութիս սիրուած երգիչ Ռաֆֆի Ատուրեան:

Յեղափոխական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան, ազատամարտիկ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ժողովուրդի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ հնչեցին <<Գինի Լից>>,<<Պատերազմ ենք Գնում>> ,<<Հայեր Միացէք>> եւ այլ յեղափոխական երգերու շարան մը:

armenia.com.au

Scroll Up