Մայիսեան Յաղթանակի Յատկանշական Փառատօն` «Սարդարապատէն Մինչեւ Արցախ` Դէպի Յաղթանակ» Խորագիրով

Մայիսեան յաղթանակի սոսկ ոգեկոչումը չէր, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, այլ անիկա նաեւ առիթ էր գօտեպնդուելու մերօրեայ` ապրիլեան հերոսութիւններով, հզօր Արցախի մէջ հզօր կերպով սխրանքներ արձանագրող այսօրուան հերոսներուն հպարտութեամբ` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով եւ միութիւններով, յատկապէս ՀՄԸՄ-ի միութենականներով եւ տարազաւորներով, մարզիկներով եւ կակուղ թաթիկներով տէրն է 98 տարիներ առաջ արեամբ եւ պայքարով կերտուած անկախութեան կտակին, նաեւ եւ անպայման տէրն է այսօր եւս արեամբ եւ պայքարով կերտուող յաղթանակին, միշտ պատրաստ` ամէն գնով նեցուկ եւ զօրավիգ կանգնելու անոր պահպանման: Մայիսեան յաղթանակին եւ ապրիլեան անձնազոհութեան միջեւ կամրջումը առաւել ցայտուն դարձաւ դաշտին վրայ զետեղուած ձեռային աշխատանքներով` Մամիկ-պապիկը, հրասայլ մը, խաչքար եւ սուրը, ինչպէս նաեւ սկաուտներուն կողմէ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին, մարմնաւորած կենդանի պատկերներուն եւ տողանցքի ընթացքին Արցախի տարբեր շրջաններուն անունները կրող խումբերու ներկայութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կշռոյթով:
Փաթիլ Եսայեան
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Փաթիլ Եսայեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարուան մայիսեան փառատօնը կը կրէ «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ` դէպի յաղթանակ» խորագիրը, որովհետեւ մայիսեան խորհուրդը կը ներշնչէ սերունդներ, կը կերտէ հայկական ինքնութիւն եւ նորանոր յաղթանակներ, ինչպէս` ապրիլին Արցախի մէջ:
Անդրադառնալով մայիսեան յաղթանակին` ան ըսաւ, որ անիկա հայոց պատմութենէն եւ մեր այսօրուան իրականութենէն անջատ մասնիկ մը չէ, սկզբնակէտն էր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ձգտող ազգի մը պայքարին:
«Մայիսեան յաղթանակը տարիներ շարունակ ճնշող երակն էր աշխարհասփիւռ հայութեան եւ զայն հայրենիքին ու ազգին կառչած պահող վսեմագոյն թուականներէն մէկն էր եւ տակաւին կը շարունակէ ըլլալ: 1988-էն սկսեալ, մայիսեան յաղթանակն էր, որ մղեց ամբողջ ազգ մը տէր կանգնելու Արցախին եւ պայքարելու վասն անոր անկախութեան եւ պետականութեան:
«Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մայիսեան յաղթանակի շունչով է, որ պիտի շարունակենք պաշտպանել ու պահպանել Արցախի սուրբ հողը` մի՛շտ իբրեւ նշանաբան ունենալով «դէպի յաղթանակ»-ը», շեշտեց Փաթիլ Եսայեան:
Ան ըսաւ, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը լաւագոյն ապացոյցն է, որ ներկայ ու յառաջիկայ սերունդները պիտի շարունակեն ընթանալ նախնիներուն գծած ուղիէն, պիտի շարունակեն գործել ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութեան համաձայն, պիտի մշակեն նոր ծրագիրներ, պիտի ստեղծեն նոր գործելադաշտեր Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի` միշտ հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին:
Իր խօսքի աւարտին Փ. Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատած էին փառատօնի յաջողութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Սարդարապատի ոգիով թրծուած 98-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ը վճռակամօրէն պիտի շարունակէ իր մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութիւնը:
Գառնիկ Մկրտիչեան
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայութեան կերտած յաղթանակներուն կարեւորութեան` շեշտը դնելով անոնցմէ խորհուրդներ քաղելու հրամայականին վրայ:
Լուսարձակի տակ առնելով ՀՄԸՄ-ի 98-ամեայ երթը` ան ըսաւ, որ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հազուագիւտ են մարզական այն միութիւնները, որոնք 98 տարի գոյատեւած են իրենց հիմնական առաքելութեամբ:
«Մեզի նման փոքր ու աշխարհի տարածքին սփռուած ժողովուրդի մը մէջ, հրաշքի համազօր բան է 98 տարի մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը պահելը եւ թիւով ու որակով տեւաբար յառաջդիմելը: Իսկ այդ հրաշքը մենք կը պարտինք մեր սքանչելի ժողովուրդին, որուն համար ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ սերունդներու փրկութեան լաստը, մարզական առողջ միջավայրը, սկաուտական ազնիւ սկզբունքներու դարբնոցը, մէկ խօսքով` մարդակերտումի եզակի կեդրոնը:
«Մարզանքն ու սկաուտութիւնը իբրեւ միջոց ունենալով` ՀՄԸՄ 98 տարի շարունակ իրեն դիմող սերունդներուն փոխանցեց ինքնավստահութիւն, արժանապատուութեան զգացում եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն, այլ խօսքով` ան ազգային կնիքով դրոշմեց երիտասարդ սերունդներ, ՀՄԸՄ-ը վերածելով համագաղութային եւ համահայկական մե՛ծ ընտանիքի, կամուրջի` գաղութէ գաղութ եւ գաղութներէն հայրենիք», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան:
Իբրեւ օրինակ ան յիշեց յաջողութեամբ իրականացուած Համա-ՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութիւնները, ութ ամիս առաջ Հայաստանի մէջ գումարուած Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը, յուլիսին Երեւանի մէջ կայանալիք Համա- ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը, հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը: «Այսպէս, ՀՄԸՄ կը շարունակէ 98-ամեայ երթը, իր մասնակցութիւնը բերելով նաեւ Արցախի հզօրացման եւ սուրիահայութեան զօրակցութեան համահայկական օրակարգերուն», աւելցուց ան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նշեց, որ միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի իր պատմական ու ճառագայթող շրջաններէն` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանին ապրած դժնդակ պայմաններուն, մտահոգութիւն մը, որ ծնունդ տուած է զօրակցութեան ու անվերապահ աջակցութեան: Ան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ը կը տագնապի նաեւ Արցախի իրավիճակով` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի սկաուտները օգնութեան ձեռք կ’երկարեն ապրիլեան պատերազմէն վիրաւորուած հայ զինուորներուն, անմիջական օժանդակութիւններ կը հաւաքեն ու կը բաժնեն Արցախի սահմանային գիւղերու բնակիչներուն:
«Առանց ազգային գիտակցութեան, առանց կարգապահ ու նուիրեալ շարքերու, առանց ֆիզիքապէս ու հոգեպէս տոկուն երիտասարդութեան կարելի չէ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան ունենալ, կարելի չէ անպարտելի Արցախ ունենալ: Ու եթէ բախտաւոր օր մը հայութեան պանծալի դրօշը պիտի ծածանի նաեւ բռնագրաւեալ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ, այդ կը պահանջէ կամք, լաւագոյնին ձգտելու ճիգ եւ յարատեւութիւն:
«Այս հաստատ համոզումներով կ’ողջունենք Մայիսեան այս փառատօնը` խոստանալով միշտ բարձր պահել այն դրօշը, որ մեզի աւանդ ձգուեցաւ միութեան աննման հիմնադիրներուն կողմէ: Այն դրօշը, զոր 98 տարի բարձր բռնեցին «հսկայ նուիրման® կամաւոր բանակ»-ի հաւատաւոր անդամները: Այն դրօշը, որ այսօր կը ծածանի Երեւանի, Մարտակերտի ու Թալիշի վերեւ, իսկ վաղը, պայծա՛ռ ապագային, պիտի ծածանի նաեւ Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ», եզրափակեց Գառնիկ Մկրտիչեան:
Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի, ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Սեւակ Աբրահամեանի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. նախակրթարանի բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, միջնակարգինը` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին, իսկ երկրորդականինը` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին:
ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի բաժակներուն տիրացան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Ալեքս Կետիկեան եւ Սանան Խաչերեան, իսկ լաւագոյն արդիւնք արձանագրող մարզիչի բաժակ յանձնուեցաւ Նարեկ Աւետիքեանի` Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ Հայկազեան համալսարանի տիպար խումբի (ֆեր փլէյ) բաժակին տիրացաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը:
Անկէ ետք հասաւ աւանդաբար սպասուած պահը, երբ պատասխանատուներուն արտասանած խօսքերը գործի վերածելու կոչուած ապագայ սերունդներու ներկայացուցիչները կանոնաւոր շարքերով տողանցեցին` հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցնելով բոլորին սրտերն ու հոգիները:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկսաւ տողանցքը, կարգապահ, խանդավառ եւ յոյսով լի քայլերով դաշտը լեցուցած լիբանանահայութիւնը ողջունեց ԼԵՄ-ականները, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի, Պաուշրիէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու սկաուտական խումբերը, որոնց յաջորդեցին ՀՄԸՄ-ին ծառայած ու անոր հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական վեթերանները: Մարզական ներկայացուցչական թէ կրտսերներու ու մասնաճիւղերու խումբերուն տողանցքը ընթացք առաւ խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ` արձանագրուած յաջողութիւններուն ի տես: Տողանցեցին նաեւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարաններու աշակերտները:
Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ին եւ դաշտը գտնուող լիբանանահայութեան: Մայիսեան յաղթանակին մասին խօսելով` ան հաստատեց, որ 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը կրցաւ փշրել ստրկութեան շղթան, թօթափել ստորակայութեան զգացումը եւ կերտել իսկական յաղթանակ, որուն խորհուրդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ պիտի շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ յառաջիկային եւս: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս գիտակցութեամբ ՀՄԸՄ-ականներն ու լիբանանահայութիւնը համախմբուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, որպէսզի իրենց հոգիներուն մէջ վերակենդանացնեն հոգիները այն հերոսներուն, որոնց շնորհիւ կերտուեցան եւ կը շարունակեն կերտուիլ պանծալի յաղթանակներ: Ան մաղթեց, որ Աստուած իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն վրայէն, պահպանէ անձնազոհաբար սահմանագիծին մէջ արթուն հսկող զինուորները` շեշտելով, որ կատարուած զոհողութիւններուն դիմաց մենք պէտք է ուխտենք հաւատարիմ մնալ հայկական մաքուր նկարագիրին, ջինջ պահել մեր լեզուն ու մշակոյթը, կառչիլ ազգային արժէքներուն, անմար պահել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հաւաքական շահերուն, հայրենիքին եւ ազգին ի խնդիր:
Շահէ եպս. Փանոսեան իր պատգամը եզրափակելով կոչ ուղղեց ներկաներուն ըլլալու գիտակից հայորդիներ, տէր հայկական արժէքներուն` միշտ արժեւորելով ազգին համար կատարուած զոհողութիւնները եւ ընթանալով դէպի լուսաւոր ապագայ:
Մայիսեան յաղթանակի, վերապրումի եւ Հայաստանէն Արցախ ու ի սփիւռս աշխարհի հայօրէն երթն ու պայքարը շարունակելու կտակին հաւատարիմ մնալու խոստումով, արցախեան վեհ լեռներուն եւ ազատամարտիկներուն վեհագոյն սխրանքներուն նեցուկ կանգնելու հաստատակամութեամբ յատկանշուած փառատօնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: