«Ամէն Այցելութենէ Ետք` Աւելի Ու Աւելի Կը սիրեմ Հայաստանը».Տանիէլ Տեքըր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/275.jpg)
Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց փորթորիքացի երգիչ Տանիէլ Տեքըրը, որ յայտնի է Հայաստանի եւ հայերու հանդէպ ունեցած իր իւրայատուկ սիրով ու համակրանքով, եւ մասնաւորապէս, Արա Գէորգեանի «Ատանա» երգի բարձրարուեստ կատարումով, որմով ան բազմիցս հանդէս եկած է Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:
Ողջունելով երգիչը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հետաքրքրուեցաւ անոր ստեղծագործական ծրագիրներով եւ հայաստանեան այցի նպատակներով:
«Ամէն այցելութենէ ետք` աւելի ու աւելի կը սիրեմ Հայաստանը»,- անկեղծօրէն պատասխանեց Տանիէլ Տեքըրը` աւելցնելով, որ ցանկութիւն ունի շարունակելու իր ստեղծագործական ծրագիրները հայ երգիչներու եւ ստեղծագործողներու համագործակցութեամբ: Ան նախարարին տեղեկացուց, որ 2010 թուականին թողարկած «Հայ եմ իմ ընտրութեամբ» ձայնասկաւառակը մեծ յաջողութիւն ունեցած է ունկնդիրներուն մօտ եւ ներկայիս կը նախապատրաստուի իրականցնել հայկական երգերու նոր ձայնագրութիւններ` հանդէս գալով Շուշան Պետրոսեանի, Լէյլա Սարիբեկանի եւ հայկական կատարողական արուեստի այլ ներկայացուցիչներու հետ: Երգիչը շեշտեց, որ այդ ձեւով կը փորձէ իր զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին եւ լայն հասարակայնութեան ծանօթացնել անոր մշակոյթն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տանիէլ Տեքըրին իր անկեղծ նուիրումին համար` ընդգծելով, որ ներկայ փուլին, երբ ատրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները ակնյայտ հակահայկական քարոզչութիւն կը տանին եւ ատելութիւն կը սերմանեն, կարեւոր է մշակոյթի միջոցով հայ ժողովուրդի իրական որակները բացայայտելը:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան երգիչի ստեղծագործական ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններուն առնչուող հարցեր: