Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/ՌԱԿ.jpg)
Մայիս 30-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամները` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Խուլիօ Նահապետեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հայցելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը` տիար Խ. Նահապետեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նորակազմ վարչութեան անդամները: Իր խօսքին մէջ ՌԱԿ նախագահը կարեւոր համարեց ազգային կեանքին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ բացառիկ դերակատարութիւնը` կուսակիցներու անունէն պատրաստակամութիւն յայտնելով զօրավիգ ըլլալու Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան:
Այնուհետեւ կուսակցութեան նորակազմ կեդրոնական վարչութեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորանքները բերաւ վարչութեան նախագահին եւ անդամներուն ընտրութեան առիթով` մաղթելով պտղաբեր եւ արդիւնաշատ գործունէութիւն ազգային անդաստանին մէջ:
Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը մշտապէս զգացած է ՌԱԿ բերած զօրակցութիւնը: Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը պատգամեց, որ ՌԱԿ-ը յաղթահարէ ներկուսակցական բաժանումը եւ համախումբ ու միաբան առաւել արդիւնաւոր կ’ըլլայ իր ծառայութիւնը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ քարոզչական, սոցիալական ու կրթական ծրագիրներուն, հոգեւորականներու պատրաստութեան խնդիրին:
Աւարտին, վերստին իր գնահատանքը փոխանցելով հիւրերուն, Հայոց Հայրապետը վաստահութիւն յայտնեց, որ նաեւ անոնց նուիրեալ ու նախանձախնդիր ջանքերու շնորհիւ պէտք է դիմագրաւուին Հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազում մարտահրաւէրներ:
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան: