Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Կրտսեր Դասարանի Սաները Ներկայացած Են Այբբենարանի Հանդէսներով

Մայիս 22-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» կրտսեր տարիքի առաջին դասարանի սաները ներկայացան այբբենարանի հանդէսներով: Ճեմմա Կիրակոսեանի, Նելլի Մելքոնեանի եւ Արմինէ Իջեանի սաները ներկայացուցին, թէ ինչ է  իրենց համար հայոց այբուբենը եւ թէ ինչեր սորվեցան «Հայորդաց տան» մէջ ուսումնառութեան մէկ տարուան ընթացքին: Արդէն իսկ ծանօթացած Մեսրոպ Մաշտոցի գործին եւ աւանդին, սերտած հայ գիրերու անցած ուղիի պատմութիւնը եւ բեմին վրայ ներկայացնելով այն դժուարութիւններն ու զրկանքները, որոնց գինով պահպանուած է հայոց այբուբենը ` գրաճանաչ սաները խոստացան հայերէնի իրենց գիտելիքները ամրապնդել ողջ կեանքի համար: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:

Այբբենարանի հանդէսներով ներկայացած դասարանները 2015-2016 ուսումնական տարուան ընթացքին կազմուած տասնմէկ դասարաններէն երեքին մէջ  միայն, ուր կ’ուսանէին 6-18 տարեկան սաներ:  Այս ուսումնական տարին «Հայորդաց տան» համար յիշարժան էր ոչ միայն յոբելեանական` հիմնադրման տասներորդը ըլլալով, այլեւ ընդունելութեան դիմածներու աննախադէպ հոսքով: Անոնցմէ 450-ը դարձան «Հայորդաց տան» սան, իսկ 100-ը կը սպասեն ընդունելութեան իրենց հերթին;

Այբբենարանի հանդէսներու աւարտին «Հայորդաց տան» տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն` ներդրած ջանքերուն եւ ակնյայտ արդիւնքին համար:

«Եթէ մենք մէկ տարուան աշխատանքէն յետոյ նման արդիւնք կը տեսնենք, ապա միայն բերկրանքով կարելի է մտածել, թէ տարիներ յետոյ ինչ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն այս սաները: Սեպտեմբերին ընդունուածներուն եւ Մայիսին այբբենարանի հանդէսին ներկայացածներու թիւով  կ’որոշուի ուսուցչուհիին կատարած աշխատանքի որակն ու արդիւնքը, որ  պարզապէս ապշեցնող է: Ատոր համար շնորհակալութիւն այսօր ձեռնարկներով ներկայացած ուսուցչուհիներուն` Արմինէ Իջեանին, Նելլի Մելքոնեանին եւ Ճեմմա Կիրակոսեանին, որոնք մեր աշխատանքային մեծ փորձով մանկավարժներն են եւ կրնան դասարանը դարձնել միասնական ընտանիք, ուրկէ ոչ մէկը կը ցանկայ հեռանալ: Օրինակ տիկին Իջեանի դասարանը ընդունուած է աւելի քան 40 աշակերտ եւ այսօր նոյնքան մարդ բեմին վրայ է: Մեր խորին շնորհակալութիւնը մեր սիրելի Սրբազանին` թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին, որուն ջանքերուն ու նուիրումին շնորհիւ կրթօճախը որեւէ բանի կարիքը չունի»,- նշեց Հմայեակ Գէորգեան` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն` երեխաներուն հայկականութեան հաղորդակից դարձնելու համար եւ յորդորեց տունին մէջ եւս խօսիլ հայերէն, քանի որ հայերէնը կորսնցուցած մարդը կը դադրի հայ ըլլալէ:

Տառաճանաչ դարձած սաները ստացան դպրոցի տարբերանշանով կրծքանշաններ, տետրեր եւ գրիչներ` ամառնային ամիսներուն ընթացքին հայերէնի գիտելիքները ամրապնդելու համար:

«Հայորդաց տան» երեք սաներու մայր Հռիփսիմէ Պօղոսեան, մեր այն հարցին, թէ ինչ տպաւորութիւններով կը փակեն ուսումնառութեան առաջին տարին`  պատասխանեց․ «Իմ չորս երեխաներէս երեքը կւ յաճախեն «Հայորդաց տուն»․չորրորդը դեռ փոքր է: Աղջիկս կը յաճախէ Երանուհի Ղազարեանի դասարանը, տղաներէս մէկը Սիլվա Գիւլիշեանի սանն է, միւսը` Արմինէ Իջեանի: Մենք բաւական յառաջադիմութիւն ունինք յատկապէս տղաներուս մօտ, քանի որ աղջիկս գրաճանաչ  եկած է դպրոց: Ուսուցիչները իւրովի աշխատած են եւ շատ գոհ եմ իրենց կազմակերպուած աշխատաոճէն եւ արդիւնքէն:Բոլորը վաստակաւոր ուսուցիչներ են, խիստ են եւ պահանջկոտ, ատոր համար արդիւնքը կ’երեւի»:

Ճեմմա Կիրակոսեանի դասարանի ծնողներէն Ամալեայ Զազեանն ալ ըսաւ․ «Շնորհակալ եմ բոլորին, որ մեր բալիկներուն հայկական մշակոյթին, լեզուին ծանօթանալու հնարաւորութիւն  տուած են: Աղջիկս` Տիանան, Ճեմմա Կիրակոսեանի շնորհիւ արդէն կը կարդայ հայերէն: Շատ հաճելի է, որ դպրոցը նաեւ կրօնական գիտելիքներ կու տայ․ մինչ մեր զաւակները հայերէն կը սորվին, ծնողներով քրիստոնէական գիտելիքներ կը ստանանք Աշոտ Աւետիսեանի եւ Հայկուհի Չօբանեանի դասերէն: Որուն համար այնչափ շնորհակալ ենք բոլորին»:

Այբբենարանի հանդէսներուն ժամանակ հնչեցին հայերէնին նուիրուած նոր եւ իւրօրինակ երգեր, որոնց կը նուագակցէր Լենա Բեգլարեան:

10 11 13 14

Scroll Up