Արա Վարդանեան. Արցախի Մէջ Այս Պահի Դրութեամբ Արդէն Իսկ Կը Կառուցուի 22 Տուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Տուն.jpg)
«Արցախում այս պահի դրութեամբ արդէն իսկ կառուցւում է 22 տուն, եւս տաս տան մրցոյթ կը յայտարարուի ամրանը: 32 տուն հաստատ կառուցուելու է, հնարաւոր է աւելացնենք քանակը»,- նախքան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգեբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 25-րդ համատեղ նիստը, լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, կը յայտնէ Panorama.am-ը:
Յիշեցնենք, որ «Մեր տունը» խորագիրով համահայկական Հեռուստամարաթոն 2015-ը արձանագրած էր 10 378 465 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հաւաքագրած գումարը ուղղուած է Արցախի մէջ 5 եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն տուներով ապահովելուն, ինչպէս նաեւ բարերարներուն կողմէն ընտրուած նպատակային ծրագիրներու իրականացման Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Ա. Վարդանեան ըսաւ, որ բոլորը տիպային տուներ են, մօտ 100 քմ տարածքով, երեք սենեականոց, այսինքն` աւելի ընդարձակ, քան կ’ապրին այդ ընտանիքները: Նախագծուած են ԼՂՀ-ի մէջ: Ամբողջութեամբ կահաւորուած պիտի ըլլան:
Ան նշեց, որ տուները կը կառուցուին հէնց այն վայրերուն մէջ, ուր մինչեւ այդ բնակած են այդ ընտանիքները, որոնք պէտք է տեղափոխուին:
Ա. Վարդանեանի խօսքով, Արցախի մէջ 200-է աւելի հինգ եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիք կայ. «Ասել, որ ամբողջութեամբ հարցն ի վիճակի ենք այս պահին լուծել, ի հարկէ, չենք կարող: Չեմ բացառում, որ ծրագիրը շարունակուի որպէս հիմնադրամի առանձին ուղղութիւն, մի քանի տարում կը կարողանանք ապահովել այդ ընտանիքներին տներով»: