30րդ տարեդարձ միջվարժարանային արտասանութեան մրցումի, կազմակերպութեամբ՝ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան

1920-1925ական թուականներէն վերջ բազմաթիւ հայորդիներ լքելով իրենց պապենական օճախները, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ինչպէս նաեւ Պոլիսէն մեկնեցան Եւրոպայի տարբեր-տարբեր վայրերը, նոր գարուններու բացուելու, նոր արեւի լոյսին եւ ջերմութեան տակ շարունակելու համար իրենց կեանքը։ Ունեցան բազմատեսակ դժուարութիւններ՝ երկրի լեզուն սորվելու, տուն-գործ գտնելու եւ նոր ընկերային շրջանակներ կազմելու համար, ուր գէթ որոշ չափով պիտի կարենային ապրիլ իրենց անցեալի սովորութիւններն ու բարքերը, աւանդութիւնները, ոգեղէն արժէքները։
Այս նպատակներու իրականացման համար, Մարսիլիա հաստատուած լուսամիտ Հայեր, տարիներ վերջ հիմնեցին Պոլսահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութիւնը։
Այս միութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ բանախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, երաժշտական երեկոյթներ, պարահանդէսներ. իրենց նախնիներուն յիշատակը անթառամ պահելու համար՝ հոգեհանգիստներ եւ մատաղօրհնութիւններ։
Սակայն, այս բոլորին մէջ 30 տարիներ առաջուան վարչութեան անդամ՝ Գառնիկ Թուրաչի յղացած միջվարժարանային արտասանութեան մրցումը, կը գրաւէ իր առանձնաշնորհեալ տեղը, քանի որ ան կը ծառայէ քաղցրահնչիւն Մայրենիի ուսուցման եւ զարգացման նուիրական աշխատանքին։ Մեր հաստատ համոզումն է, որ ժողովուրդ մը սփիւռքեան պայմաններուն մէջ չի կրնար շարունակել իր գոյապայքարը, առանց մշակոյթի, որուն ողնաշարը լեզուն է։
Այս տարուան մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 15-ին, Մարսիլիոյ Սահակ-Մեսրոպ Մշակոյթի Կեդրոնը, բառին արմատական իմաստով, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։
Մասնակցեցան 90 աշակերտներ՝ Փարիզի, Նիսի, Էքսի եւ Մարսիլիոյ 8 դպրոցներէն։
Դատակազմը կը բաղկանար իւրաքանչիւր վարժարանի մէկական ուսուցիչներէ եւ միութեան կողմէ նշանակուած երեք անդամներէ։
Նշենք անոնց անունները. Զեփիւռ Մէհրապի (Փարիզ՝ Ժաֆ), Սեւան Նազարեան (Փարիզեան շրջան-Ալֆորվիլ՝ Սուրբ Մեսրոպ Կրթարան), Շաքէ Յակոբեան (Նիս՝ Տիկնանցի միօրեայ), Գոհար Սոգիկեան (Էքս՝ Հայ Գլէօպ), Ռիթա Էթարեան (Մարսիլիա՝ Թիվոլիի Պաղտասարեան դպրոց), Էմմա Մարտիրոսեան (Մարսիլիա՝ Ժաֆ), Սիլվա Էթարեան (Մարսիլիա՝ Համազգային), Գայեանէ Կիւրեղեան (Մարսիլիա՝ Աբովեան) եւ Անի Յովսէփեան, Սեդա Սիմոնեան, Ժիւլիէթ Եըլմազեան (Պ.Հ.Մ.Միութիւն)։
90 աշակերտները ներկայացան առաջին փուլին, միութեան կողմէ ղրկուած պարտադիր արտասանութիւններով։ Դատակազմի կողմէ ընտրուած մօտ քսան աշակերտներ հանդէս եկան երկրորդ փուլին, այս անգամ, ազատ արտասանութիւններով։
Առաջին մրցանակի կամ ոսկէ մետալի արժանացան՝ Լեւոն Ադամեան (6-8 տարեկան – Համազգային), Ալպէր Ղազարեան (9-11 Համազգային), Գոհար Գազանճեան (12-14, Նիսի միօրեայ), Անի Շահպազեան (15-18, Թիվոլիի Պաղտասարեան)։
Երկրորդ մրցանակի կամ արծաթեայ մետալի արժանի նկատուեցան՝ Ինկա Յովհաննիսեան (Մարսիլիա-Ժաֆ, 6-8 տարեկան), Յովիկ Ազտահահազեան (9-11, Համազգային), Աստղիկ Եալըչ (12-14, Համազգային), Արակա Մէհրապի (15-18, Փարիզի Ժաֆ)։
Երրորդ հանդիսացան կամ պղնձեայ մետալ ստացան՝ Յովհաննէս Քիզիրեան (6-8, Համազգային), Նորիկ Աւետիսեան (9-11, Փարիզեան շրջան, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ Կրթարան), Ազատ Տէտէեան (12-14, Փարիզի Ժաֆ), Քամիյ Տիլոյեան (15-18, Փարիզի Ժաֆ)։
Իսկ բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան մետալներ, որոնք կը խորհրդանշեն «միութիւն»ը։
30րդ տարեդարձի առթիւ Միութեան կողմէ հրաւիրուած կախարդական ծաղրածուն բացառիկ եւ շատ հաճելի պահեր ապրեցուց ե՛ւ փոքրիկներուն ե՛ւ մեծահասակներուն։
Սոյն հանդիսութիւնը քաջալերեց իր ներկայութեամբ՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմակալ առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան։
Միութեան նախագահ՝ Խաչիկ Եըլմազեան իր փակման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ որեւէ լեզուի, սակայն յատկապէս Մայրենիի կարեւորութեան վրայ եւ կոչ ըրաւ ծնողներուն, որպէսզի անոնք փոխանցեն իրենց զաւակներուն հոգեղէն եւ ոգեղէն մեր արժէքները։
Բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան 30րդ տարեդարձի կարկանդակներուն, միութեան տիկնանցի պատրաստած իրօք ճոխ սեղաններուն շուրջ, որմէ վերջ պարեցին, երգեցին մինչեւ ուշ ժամեր, ժամադրուելով 2017ին…
Այս մասին կը յայտնէ Նոր Յառաջ: