Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Սլաւոնական Այբուբենի Տօնին Առիթով Նախագահի Նստավայրին ՄԷջ Մասնակցած Է Աւանդական Ընդունելութեան

Մայիս 24-ին Պուլկարիոյ մէջ նշուած  է Սլաւոնական  այբուբենի`  Գիրիլիդսայի ստեղծման տօնը, որ յայտնի է, որպէս Պուլկարիոյ լուսաւորութեան եւ մշակոյթի տօն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուլկարիոյ հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:

Ամէն տարի այս տօնին Պուլկարիոյ նախագահի նստավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ աւանդական հանդիսաւոր  ընդունելութիւն, որուն կը մասնակցին Պուլկարիոյ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, նաեւ հոգեւոր առաջնորդներ, տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ:

Այս տարի եւս Պուլկարիոյ  հայ համայնքի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ.  Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանի, ներկայ գտնուեցան սոյն  հանդիսաւոր արարողութեան: Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռոսէն Փլեւնելիեւը անձամբ  ողջունեց  հայ  համայնքի  ներկայացուցիչները եւ  իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկայութեան համար: Առաջնորդ Հայրը Պուլկարիոյ հայ համայնքի անունէն շնորհաւորեց նախագահին սլաւոնական ժողովուրդներուն համար այս սրբազան տօնին առիթով: «Գիրերու գիւտը, ինչպէս կը հաւաստէ պատմութիւնը, նաեւ քրիստոնէութեան ամրապնդման եւ ազգային ինքնութեան դիտակէտէն կարեւոր պայման եղաւ…», նշեց հոգեշնորհ Հայր սուրբը:

Նախագահ Փլեւնելիեւը  իր խօսքին մէջ յատկանշեց, որ ազգութեամբ պուլկար սուրբ Գիրիլ եւ սուրբ  Մեթոտի  եղբայրներու  ձգած ժառանգութիւնը` Գիրիլիդսան,  անանց եւ անգնահատելի է: «Սուրբ եղբայրներու գործը լուսաւորութիւն բերաւ աւելի քան 50 ժողովուրդներու, որոնք այսօր կը գործածեն Գիրիլիդսան որպէս պաշտօնական այբուբեն: Գիրիլիդսայի արարումը ամենամեծ ժառանգութիւնն է, որ պուլկար ժողովուրդը տուած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան», նշեց նախագահը:

Աւանդական ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան մէջ  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեան:

11 12

Scroll Up