Լիայոյս Եմ, Որ Հայերը Կը Պահպանեն Վերահսկողութիւնը Ղարաբաղի Նկատմամբ. Փիթեր Պալաքեան
Ամերիկահայ գրող, Փուլիցերեան մրցանակակիր Փիթեր Պալաքեան աշխուժօրէն կը հետեւի Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն:
«Ես կը հետեւիմ իրադարձութիւններուն ընկերներուս օգնութեամբ, կը կարդամ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղադրուող լուրերը: Գիտեմ, որ այժմ խաղաղ բանակցութիւններ կ’ընթանան: Լիայոյս եմ, որ հայերը կը պահպանեն վերահսկողութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ»,- NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Փիթեր Պալաքեան, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գտնուի:
Ամերիկահայ գրողը, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր գրած է, դեռեւս չէ ծրագրած գիրք գրել նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին:
Յիշեցնենք, որ 2003 թուականին լոյս տեսած Փիթեր Պալաքեանի «Այրուող Տիգրիս. Հայոց ցեղասպանութիւն եւ Ամերիկայի արձագանքը» ծաւալուն փաստավաւերագրական աշխատութիւնը «Նիւ Եորք Թայմս» թերթին կողմէ ճանչցուած է «Տարուան նշանակալից գիրք»: 1998-ին «Ճակատագրի սեւ շունը» յուշագրութիւնը ճանչցուած է «Տարուան լաւագոյն գիրք»: 2010թ. հայերէնով հրատարակուած է հեղինակի «Լոյսի տխուր օրերը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Պալաքեան իր գործընկերոջ` Արիք Սեւակին հետ անգլերէն թարգմանած ու հրատարակած է իր մեծհօր եղբօր` արքեպիսկոպոս Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայկական Գողգոթա» խորագիրով ծաւալուն յուշագրութիւնը:
2016 թուականին «Օզոնի հանդէս» բանաստեղծութիւններու շարքին համար «Պոէզիա» անուանակարգին մէջ արժանացած է Փուլիտցերեան մրցանակին: