Իսրայէլի Մէջ Ազնաւուրի Ծնողներուն Պատուին Յատուկ Նամականիշ Պիտի Թողարկուի

Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրն ու հրէական International Raoul Wallenberg Foundation (IRWF) հիմնադրամի ներկայացուցիչները` քննարկելու, թէ ինչպէս Ազնաւուրի հանգուցեալ ծնողները` Քնարն ու Միշան, ինչպէս նաեւ անոր քոյրը Այիտան եւ հէնց ինքը` Ազնաւուրը, Ֆրանսայի մէջ նազիստական շրջափակման տարիներուն, վտանգելով սեփական կեանքը, փրկած են հրեաները:
Ինչպէս կը նշէ Asbarez-ը, աշխարահռչակ երգիչը պատմած է, թէ ինչպէս ծնողները իրենց յարկին տակ ապաստան տրամադրած են այն հրեաներուն, որոնց կը հետապնդէին նազիստները:
IRWF հիմնադրամը այս կապակցութեամբ որոշած է յատուկ անձնակազմ ստեղծել, որ կը զբաղի հրեաներու փրկութեան գործին մէջ Ազնաւուր ընտանիքի ունեցած աւանդի թեմայով:
Բացի այդ, հիմնադրամի ղեկավարութիւնը որոշած է յարգանքի տուրք մատուցել Ազնաւուրներուն` որոշելով Միշայի ու Քնարի պատուին Իսրայէլի մէջ յատուկ նամականիշ թողարկել: Ատկէ զատ, հիմնադրամը շանսոնյէին ու անոր քրոջը պարգեւատրած է Ռաուլ Ուալենպերկի անուան մետալով` այդպիսով գնահատելով երիտասարդ տարիքի մէջ անոնց ստանձնած ու պատուով իրագործած հրեաներու փրկութեան առաքելութիւնը: