Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Յայտարարութիւնը Տարածուած է ՄԱԿ-ի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի կեղծիքներուն վերաբերեալ տարածուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի եւ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական թուիթերեան էջը:
Մայիս 20-ին Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ը յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ ըսուած էր. «Մայիս 17-ին Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը հանդէս էկած է հերթական մտացածին յայտարարութիւններով` Ապրիլ 2-5 մարտական գործողութիւններու ընթացքին արգիլուած ռազմամթերքի, մասնաւորապէս, սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող արկերու ենթադրեալ կիրառման վերաբերեալ:
Շարունակելով միջազգային հանրութեան ապատեղեկացնելու աւանդական արշաւը` Ատրպէյճանը չի խորշիր դիմել կեղծիքներու եւ բացայայտ մեքենայութիւններու: Իր քարոզչական գործողութիւններուն կշիռ հաղորդելու նպատակով՝ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ անոնց մէջ ներքաշել նաեւ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտները եւ ռազմական կցորդները:
Կեղծարարութիւնն ու իրականութեան խեղաթիւրումը շատոնց արդէն կանոնաւոր բնոյթ ձեռք բերած են եւ դարձած Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան անբաժան մասը: Դեռ 1992-ին ատրպէյճանական կողմը հանդէս կու գար քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրառման մասին համանման մեղադրանքներով, որոնք այն ժամանակ հերքուեցան ՄԱԿ-ի յատուկ փաստահաւաք առաքելութեան կողմէն: ՄԱԿ-ի փորձագէտներու հետեւութիւններու եւ եզրակացութիւններու հիման վրայ, որոնք ներկայացուած են ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի 1992 Յուլիս 24-ի S/24344 թուակիր փաստաթուղթին մէջ, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը հաստատեց, որ «խումբին չէ ներկայացուած քիմիական զէնքի կիրառման փաստը հաստատող որեւէ ապացոյց»:
Յաջորդած տարիներուն ատրպէյճանական կողմը հանդէս եկած է նոյնքան անհեթեթ եւ չհաստատուած մեղադրանքներով`1993 թուականին Ատրպէյճանի դէմ միջուկային զէնքի կիրառման եւ ԼՂՀ-ի մէջ միջուկային թափօններու թաղման (ԵԽԽՎ 2002 Մայիս 7-ի N 9444 փաստաթուղթ), Հայաստան ու ԼՂՀ-ն պաքթերիոլոկիական զէնքի հիմքի վերածման (ԵԽԽՎ 2002 թ. Յունուար 31-ի N 9336 փաստաթուղթ), թմրամիջոցներու աճեցման ու արտադրութեան եւ այլնի վերաբերեալ: Ի դէպ, ատրպէյճանական կողմը կը վկայակոչէր գոյութիւն չունեցող գիտական հանդէսներ, զեկոյցներ, կազմակերպութիւններ եւ տարրալուծարաններ:
Վերակենդանացնելով հին հերիւրանքները` Ատրպէյճանը ոչ միայն կը փորձէ արդարացնել ուժի կիրառման եւ 1994-1995-ի հրադադարի մասին համաձայնագիրներու լիակատար ու անշեղ պահպանումէն (որ կը պնդեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները) հրաժարելու իր քաղաքականութիւնը, այլեւ նպատակ կը հետապնդէ շեղելու ուշադրութիւնը ԼՂՀ զինծառայողներու եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ատրպէյճանական բանակի իրագործած իրական ռազմական յանցագործութիւնները:
Այս առնչութեամբ կոչ կ՝ուղղենք միջազգային հանրութեան` առաւելագոյնս քննադատաբար մօտենալու ատրպէյճանական կողմի այդօրինակ մերկապարանոց պնդումներուն:
ԼՂՀ-ն իր հերթին պատրաստ է ընդունելու յատուկ դիտորդական առաքելութիւն` տեղւոյն վրայ բոլոր փաստերը ուսումնասիրելու եւ Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման հանգամանքներն ու անոր ընթացքին իրագործուած միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու խախտումները հետաքննելու համար»: