«Յորդանանի Հայերը». Միջազգային Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանին ՄԷջ

Մայիս 21-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Յորդանանի հայերը միջազգային գիտաժողովի պաշտօնական բացումը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ կ’ընթանայ մինչեւ Մայիս 24, որուն ընթացքին Յորդանանի հայ համայնքի պատմութեան, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, Յորդանանի պետութեան եւ ժողովրդագրութեան, Յորդանանի հայ համայնքի ինքութեան խնդիրներուն շուրջ զերկոյցներ պիտի ունենան ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի Յորդանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի յառաջատար գիտնականներ եւ հայագէտներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտոր Անդրանիկ Տաքէսեան` նշելով, որ գիտաժողովին մեծապէս աջակցած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը:  Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական համայնքներու բաժինի ղեկավար Ռազմիկ Փանոսեանի ուղերձը:

Առաջինը հանդէս եկաւ հրաւրիեալ բանախօս, փրոֆէսոր Հինտ Ապու Շըրը` ներկայացնելով «Յորդանանի նոր շրջանի պատմութիւնը` Օսմանեան եւ ազգային իշխանութեան շրջանին (1850-1946թթ.)» զեկոյցը: Զեկոյցին մէջ խօսուեցաւ նաեւ Յորդանանի հայ համայնքի ձեւաւորման մասին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի տնօրէն Փոլ Հայդոսթեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց նմանատիպ գիտաժողովներու կազմակերպումը, որոնք եւս մէկ հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն աշխարհին ներկայացնելու մեր ազգային, հոգեւոր, մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: Այն յստակ քայլ է` ուղղուած այդ իսկ ժառանգութեան փոխանցման եւ պահպանման: Վերապատուելի Հայդոսթեան շեշտեց, որ հայագիտական գիտաժողովներուն շնորհիւ կ’ամարպնդուի տարբեր համայնքներու սփիւռքահայ գիտնականներու հաղորդակցութիւնը եւ կը ստեղծուին պայմաններ այլազգի գիտնականներու համար` ներկայացնելու իրենց հայագիտական աշխատանքները:

Բացման արարողութիւնը եզրափակուեցաւ յորդանանահայ լուսանկարիչ Միրօ Կիզիրեանի ցուցահանդէսով:

Պաշտօնական բացման ներկայ էին Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, ԱՄՆ-էն ժամանած Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելիներ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Անցեալին եւս Հայկազեան Համալսարանին մէջ կազմակերպուած են  նմանօրինակ գիտաժողովներ` 2013 թուականին` «Լիբանանի Հայերը», 2014 թուականին` «Սուրիոյ հայերը» խորագիրներով: 2017 թուականի Մայիսին կը նախատեսուի կազմակերպել «Իրաքի հայերը» խորագիրով գիտաժողով:

Հայկազյան1 Հայկազյան2

Scroll Up