Հայաստանէն Պանիրի Արտահանումը Դէպի Ռուսիա Աւելցած է 2 Անգամ

Ռուսիոյ կողմէ պարէնային արգելքի կիրառումէն ետք առաջին անգամ արտասահմանեան պանիրի մասնաբաժինը սպառողական շուկային մէջ արձանագրած է նշանակալի աճ:

Ըստ Panorama.am-ի՝ յարաբերականօրէն ամենամեծ աճը արձանագրուած է Հայաստանէն ներմուծուած պանիրի ծաւալին մէջ, անիկա 2016-ի առաջին քառորդին աճած է շուրջ 2 անգամ` կազմելով 1200 թոն:

«Կոմերսանտ» պարբերականի փոխանցած տեղեկութիւններով`  2016-ի առաջին քառորդին Ռուսիա ներմուծուած պանիրի ծաւալը կազմած է 49,3 հազար թոն, որ 31%-ով աւելի շատ է, քան ներմուծուած էր նախորդ տարուան միեւնոյն ժամանակահատուածին: Պելառուսիայէն պանիրի ներմուծումը աւելցած է 41%-ով (մինչեւ 41,8 հազար թոն), Սերպիայէն` 87%-ով (2,1 հազար թոն) եւ Հայաստանէն` երկու անգամ (1,2 հազար թոն):

Նշուած երկիրներէն Ռուսիա կը ներմուծուին յատկապէս միջին գին ունեցող աւանդական պանիրներու տեսակներ: Պելառուսիոյ մեծ մասնաբաժինը մասնագէտները կը բացատրեն աշխարհագրութեամբ եւ պելառուսական արտադրողներու արտահանման կողմնորոշուածութեամբ:

Scroll Up