Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Յայտնի Բռնցքամարտիկ Վախթանգ Դարչինեանը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է յայտնի բռնցքամարտիկ Վախթանգ Դարչինեանը եւ անոր խումբի անդամները: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպման քննարկուած են Արցախի մէջ մարմնակրթութեան, մասնաւորապէս, բռնցքամարտի զարգացման հետ կապուած հարցեր: Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն  յայտնած է Վախթանգ Դարչինեանին հայրենիքի մէջ մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ եւ համահայկական տարբեր խնդիրներու լուծման աշխուժօրէն մասնակցելուն համար:

Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up