Օծում Եւ Անուանակոչում Լաս Վեկասի Հայց. Եկեղեցւոյ

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Ուրբաթ, Մայիս 6ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նախ օծումը կատարեց Լաս Վեկասի նորակառոյց Հայց. եկեղեցւոյ 16 կնքահայրերու խաչերուն, ապա՝ եկեղեցւոյ, եւ զայն անուանակոչեց Սուրբ Կիրակոս Հայց. եկեղեցի:
Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն է հանրածանօթ իրաւաբան Մարք Կիրակոս:
Առաջնորդը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը՝ որպէս բնաբան ունենալով. «Ո՛վ կը լսէ իմ այս խօսքերս եւ կը կատարէ զանոնք, պիտի նմանի իմաստուն մարդու մը, որ իր տունը շինեց ժայռի վրայ», եւ շեշտեց, որ Հայց. առաքելական եկեղեցին հայ ժողովուրդի ամրութեան եւ յաւերժութեան ժայռն է։ Ան գնահատեց այս ծրագիրի յաջողութեան նպաստած հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանը, Ծխական խորհուրդը, ճարտարապետ Կարէն Խուտիկեանը, շինարարները, կնքահայրերը եւ նուիրատուները, մասնաւորաբար Յարութ սրկ. Մարգարեանը, եւ վերջապէս՝ գլխաւոր բարերար Մարք Կիրակոսը, «որուն ներդրումը այս եկեղեցւոյ կառոյցի իրկանացման մէջ արժանի է բոլորիս գնահատութեան», ըսաւ ան: Ան նաեւ ողջունեց պատուոյ հիւրերը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի։
Նկատի ունենալով ծուխի նախկին հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի եւ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեանի մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները՝ եկեղեցւոյ ընդհանուր համալիրի կառուցման աշխատանքներուն, առաջնորդը զիրենք հռչակեց «Պատուոյ կնքահայրեր»: Ապա հաւատացեալներուն ներկայացուց ծուխի նորանշանակ մնայուն հոգեւոր հովիւ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանը:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն մը՝ «Ս. Մայքըլ» սրահին մէջ։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազանը, իսկ բացման խօսքը կատարեց հանդիսավարուհի Լենա Յովհաննիսեանը: Տեսանիւթով մը ներկաներուն ցոյց տրուեցաւ եկեղեցւոյ կալուածը, հիմնօրհնէքը եւ ապա շինարարութեան աշխատանքները:
Ծխական խորհուրդին կողմէ իր սրտի խօսքը ուղղեց ատենապետ Կարէն Սեթանեան, ապա Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան արտայայտուեցաւ խորհուրդին անունով: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար իրաւաբան Մարք Կիրակոս, իսկ փակման խօսքն ու աղօթքը կատարեց առաջնորդը:
Նշենք, որ Մայիս 5ի երեկոյեան, առաջնորդը, ներկայութեամբ աւելի քան 600 հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ գլխաւոր դրան առջեւ հանդիսաւոր կերպով կատարեց Նաւակատիքի արարողութիւնը, որուն աւարտին տուաւ իր պատգամը։ Արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի երկու մեծ խաչքարերը, ուր հոգեւորականներու եւ սարկաւագներու մասնակցութեամբ կատարեց անոնց օծումը: Խաչքարերու կնքահայրն էր Սարգիս Ֆրունճեան, որ զանոնք նուիրած էր իր կնոջ՝ Ժանէթին, եւ զաւակին՝ Միհրանին: Խաչքարերը պատրաստուած էին Հայաստանի մէջ: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը, իսկ յայտագիրին մաս կը կազմէին երիտասարդներ, պատանիներ, «Կոմիտաս» երգչախումբը, շաբաթօրեայ դպրոցի փոքրիկները եւ Լաս Վեկասի ակադեմական պարախումբը: Ներկայ էին նաեւ պետական պաշտօնեաներ եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
ԲԱՑՈՒՄ «ԽՆԴԻՐ ԹԱՃԻՐԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ
Շաբաթ, Մայիս 7ին, կ.ե. ժամը 1ին, ի ներկայութիւն աւելի քան 200 հաւատացեալներու, առաջնորդը պաշտօնական բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կառուցուած Խնդիր Թաճիրեանի անուան մշակոյթի կեդրոնին: Ան կատարեց նաեւ Տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան դպրոցի փոքրիկները: Արարողութեանց ներկայ գտնուեցաւ բարերար Ճան Թաճիրեան: Սրբազանը հոն գործող շաբաթօրեայ վարժարանը կոչեց «Սեդա Թաճիրեան Շաբաթօրեայ Վարժարան»: Սեդա Թաճիրեան մայրն է Ճան Թաճիրեանի: Առաջնորդը նաեւ յատուկ նուէրներ բաժնեց դպրոցի աշակերտներուն, տնօրէնին եւ ուսուչական կազմին:
Սուրբ Կիրակոս Հայց. եկեղեցւոյ ընդհանուր կառոյցը կը կոչուի «Թրբանճեան համալիր», որուն արքայավայել նուիրատուներն են Ս. Էջմիածինի եւ Արեւմտեան թեմի բարերարներ տէր եւ տիկին Ճերըլտ եւ Փաթրիշիա Թրբանճեանները:
ԱՌԱՋԻՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՔԱՐՈԶ
Կիրակի, Մայիս 8ի առաւօտեան ժամը 11ին, նոր օծուած եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդը առաջին Ս. պատարագը մատուցեց: «Հայր Մեր»էն առաջ, սրբազանը դպիր ձեռնադրեց Ներսիկ Գրիգորեանը, ապա Ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց անոր: Առաջնորդը նաեւ տուաւ իր քարոզը, որուն աւարտին ըսաւ. «1992 թուականէն սկսեալ երկար սպասուած երազը արդէն իսկ իրական դարձաւ: Ուրեմն, մտէք այս աղօթքի տունէն ներս եւ դարձէք նոր հայը, քրիստոնեայ հայը»: Իսկ Մայրերու տօնին առթիւ, սրբազանը իր պատգամի աւարտին շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց անոնց:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: