«Ֆերահեան»ի Տարեկան Ձեռնարկին Հանգանակուեցաւ 260,000 Տոլար

Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրի պատասխանատու մարմինին հովանաւորութեամբ, նաեւ տարեկան ձեռնարկի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Մայիս 7, 2016ին, նոյն վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆերահեան»ի տարեկան ճաշկերոյթ-խնճոյքը:

«Ոսկեայ Խնձոր» կոչուած այս խնճոյքին հիմնական նպատակն է գնահատել վարժարանը իր յառաջապահ դերին մէջ պահող, գիտելիքներու, գաղափարներու եւ հմտութեան ազդու սերմնացանը հանդիսացող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք հաւատքով, նուիրումով ու հաւատարմութեամբ տարիներ շարունակ ծառայած են ու կը ծառայեն վարժարանին:

0521ferahian3Տարին տասը ամիս շարունակ նուիրում, զոհողութիւն, ուսուցման արդիական միջոցներ, ազգային արժէքներ եւ աշակերտներուն մօտ հայրենասիրական ոգին բարձր պահող նախաձեռնութիւններ, դաստիարակչական պտոյտներ, աշակերտին բարձրագոյն կրթութիւն տալու ծրագրաւորում… ահաւասի՛կ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի աշխատակազմին անշահախնդիր նուիրումն ու արժանիքներու համանուագը, որ փաստօրէն կը հաստատէ այս տարուան վարժարանի ուսումնական մարմինին կողմէ ընտրուած՝ «Աշխարհին համար կրնայ ըլլալ որ ուսուցիչ մըն ես միայն, սակայն Ֆերահեանին համար՝ հերոս» վկայութիւնը:

Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, ուսումնական մարմինի եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողներ, հիւրեր եւ ազգային բարերարներ, որոնց շարքին՝ տոքթ. եւ տիկին Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեաններ, տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Շաքէ Չաքեաններ, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններ:

Ազգային Ֆերահեան վարժարանի շրջափակին եւ սրահին մէջ կը տիրէր ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը: Գունաւոր լոյսեր, կանաչազարդ ծառեր, ժպտուն դէմքեր… «Աւեստիսեան» սրահը բոլորովին վերածուած էր շքեղ դահլիճի մը, որ գեղեցիկ անակնկալ մըն էր ներկաներուն համար: Անոնք առաջին անգամ կը տեսնէին նաեւ բեմի նոր շքեղ վարագոյրը: Նոր վարագոյրի եւ բեմի բարելաւումներուն ծախսը նուիրուած էր տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Սանտի Թովմասեաններուն ու տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ռիթա Թովմասեաններուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Տիգրան եւ Մէրի Թոմասեաններուն:

0521ferahian2Օրուան հանդիսավարը՝ տոքթ. Փօլ Նարկիզեան, ողջունելէ ետք ներկաները, գնահատեց վարժարանի պաշտօնէութիւնը՝ հաստատելով, որ առանց անոր, վարժարանը կը դառնայ անդիմագիծ ուսումնարան մը: Ապա բեմ հրաւիրեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որ աղօթքի աւարտին փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ողջոյնի խօսքն ու բարեմաղթանքները:

Վարժարանի ուսումնական մարմինի ատենապետ Սերոբ Պէյլերեան իր կարգին շնորհակալական եւ երախտագիտական ջերմ խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք բաժին ունեցան վարժարանը ամուր հիմերու վրայ հաստատելու, ապա բարձր գնահատեց վարժարանի նուիրեալ պաշտօնէութիւնը, որ բծախնդիր աշխատանք կը տանի վարժարանը իր նուաճած բարձունքին վրայ պահելու:

Այնուհետեւ, վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան ներկայացուց վարժարանի իրավիճակն ու ունեցած նուաճումները: Ան ըսաւ, որ վարժարանը ունի 627 աշակերտ, 418 ընտանիք, 2051 շրջանաւարտ, 97 պաշտօնեայ, 2 լայնատարած համալիրներ եւ 5.5 միլիոն տոլարի ամավարկ:

Մանրամասնելով աշակերտութեան յաջողութիւններուն մասին՝ տնօրէնը նշեց, թէ այս տարուան աւարտական դասարանի աշակերտներուն 81 տոկոսը չորս տարուան համալսարան ընդունուած է, ինչ որ հպարտութիւն է վարժարանին համար: Ապա խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին՝ ան ըսաւ, որ Ազգային Ֆերահեան վարժարանը գիտակից մնալով հայ դպրոցի անզուգական դերին եւ ազգային կեանքի մէջ անոր կարեւորութեան՝ կը ջամբէ այնպիսի հայեցի դաստիարակութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք շրջանաւարտ աշակերտները պատրաստ են ծառայելու հայ համայնքին, Հայաստանին եւ Արցախի անկախութեան դատին: Գոսագեան աւելցուց, որ վարժարանի յաջողութիւններուն շարքին է նաեւ կողովագնդակի աղջկանց խումբին ախոյեանութեան տիրանալը իր դասակարգին (CIF 5A) մէջ:

0521ferahianՃաշկերոյթի պաշտօնական բաժինը վերջ գտնելով սկսաւ խնճոյքը, որ ընթացաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Երեկոն խանդավառեց Ալէն Կ. (Allen G) երգչախումբը:

Տարեկան այս ճաշկերոյթ-խնճոյքը նաեւ առիթ ընծայեց, որ մեծագումար հանգանակութիւն կատարուի՝ ի նպաստ դպրոցին: Արդարեւ, կազմակերպիչ յանձնախումբը նախապէս իր ապահոված խոստումներէն արդէն իսկ գոյացուցած էր շուրջ 160 հազար տոլար գումար մը: Ձեռնարկին ընթացքին հանգանակուեցաւ յաւելեալ 50 հազար տոլար, որ բարերար տոքթ. Վաչէ եւ տիկին Շուշիկ Գապայաններու նախօրօք կատարած խոստումին համաձայն կրկնապատկուեցաւ ու հասաւ 100 հազարի: Այսպէս, ընդհանուր հասոյթը հասաւ 260 հազար տոլարի:

Ձեռնարկը մեծ ցուցանիշ մըն էր, թէ գաղութը հպարտ է հայկական այս վարժարանով: Վարձքը կատա՛ր վարժարանին նուիրեալ հաւատարիմներուն եւ պատի՛ւ արժանաւորաց:

Նաեւ յարգա՛նք՝ գիտակից մեր ծնողներուն, որոնք այս դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի հայավայել դաստիարակութիւնը կ՛ապահովեն իրենց զաւակներուն, մեր ազգի՛ զաւակներուն:

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up