Յիսնամեայ Յոբելենական Պաշտամունք Սիտնիի Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Սիտնիի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յիսնամեակին եւ Պոլսոյ մէջ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170ամեակին առթիւ, յոբելենական փառաբանութեան պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ, Կիրակի 1 Մայիս 2016 կ.ե. ժամը 3.00ին Սիտնիի Հայց. Աւետ. Եկեղեցւոյ մէջ, Սիտնի, Աւստրալիա:

Օրուան հիւր պատգամաբերն էր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, որ մասնաւորաբար հրաւիրուած էր Լիբանանէն այս բարեբաստիկ առիթին համար: Պաշտամունքը սկսաւ պաշտամունքի կոչով եւ փառաբանութեան երգով: Կարդացուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հաւատոյ հանգանակը, եւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Յակոբ Սարգիսեանի բարեգալուստի խօսքէն ետք երգչախումբը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբը Տիկ. Լորա Սողոմոնեանի, ներկայացուց երկու հոգեւոր երգեր: Եկեղեցւոյ սարկաւագ՝ Պր. Կարօ Սողոմոնեան ներկայացուց հակիրճ պատմականը եկեղեցիին: Խօսք առաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Հ. Եպս. Նաճարեան որ շեշտեց թէ եկեղեցիներ իրարու նեցուկին պէտք ունին, իրարու թիկունք կանգնելու եւ ”ձեր տկարութիւնն ու զօրութիւնը մեր տկարութիւնն ու զօրութիւնն են” խօսքով ան հաստատեց այս միտքը եւ, ապա, շնորհաւորեց եկեղեցին այս առիթով:

Պատանեաց նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց երկու երգեր Տիկ. Հայկուշ Զէյթունցեանին ղեկավարութեամբ եւ երգի մը մասնակցութեամբ: Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշագեանի աղօթքէն ետք Վեր. Փօլ Հայտոսթեան տուաւ սրտառուչ եւ նշանակալից պատգամը՝ “Եկեղեցւոյ Անսասան Հիմը Ընդմէջ Աւերող Փոթորիկներու” նիւթով: Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ եկեղեցւոյ հովիւին օրհնութեան աղօթքով: Պաշտամունքին հետեւեցաւ շնորհաւորական խօսքերու ունկնդրութիւն, պարգեւատրում, եւ հիւրասիրութիւն: Այդ խօսքերուն մէջ յատկանշական էին ՄԱՀԱԵՄի Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրերը:

Սոյն պաշտամունքին ներկայ էին նաեւ Հայ. Կաթողիկէ համայնքապետ Հոգեշ. Տէր Բարսեղ Ծ.Վ. Սուսանեան, Միացնող Եկեղեցիի Նիու Սաութ Ուէլզի Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Վեր. Դոկտ. Անտրու Ուիլիամզ, նախարարներ՝ Թրենդ Զիմըրմէն եւ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Ուիլըպիի քաղաքապետ Կէյլ Կինէս Կիտնի, Հայց. Աւետ. եկեղեցւոյ նախքին հովիւները, հոգեւոր հովիւներ, քաղաքական կուսակցական եւ միութենական զանազան ներկայացուցիչներ:

Նոյն յոբելենական շաբթուան ընթացքին եւ զանազան միջ-եկեղեցական, կրթական ու միութենական այցելութիւններու կողքին՝ Վեր. Հայտոսթեան հանրութեան ներկայացուց երկու դասախօսութիւններ, մեծ թիւով ներկաներու առջեւ: Առաջին դասախօսութիւնով՝ Վերապատուելին հրամցուց դաստիարակիչ եւ խիստ կարեւոր գիտելիքներ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170ամեայ աւանդին մասին, որ տեղի ունեցաւ 3 Մայիս 2016: Իսկ երկրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Մայիս 2016ին անգլերէն լեզուով, ”Քրիստոնեաներ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ” շատ այժմէական նիւթին շուրջ ներկայութեամբ շրջանի հայ ու ոչ-հայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն: Շաբթուան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 50ամեակի նուիրուած ընտանեկան համագումարը, որուն ընթացքին Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ներկայացուց շահեկան չորս եկեղեցաբանական դասախօսութիւններ, որոնց խորագիրներն էին.- «Եկեղեցին Մէկ է, Սուրբ է, Ընդհանրական է, եւ Առաքելական է»:

Սիտնիի հայ գաղութի այս յատկանշական օրերուն ընթացքին տիրեց համահայկական եւ քրիստոնէական գոտեպնդիչ հոգի մը, ինչ որ նպատակն էր յոբելենական բոլոր ծրագիրներուն:

Յիսնամեայ Յոբելենական Պաշտամունք 4Յիսնամեայ Յոբելենական Պաշտամունք 2 Յիսնամեայ Յոբելենական Պաշտամունք 1

Scroll Up