Յովնան Արք. Տէրտէրեան Առաջնորդ Կը Վերընտրուի

Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Լաս Վեկասի նորակառոյց Սուրբ Կիրակոս Հայց. եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Մայիս 5ին գումարուեցաւ թեմի տիկնանց միութեան 64րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն աւարտին սրբազանը նախագահեց թեմի Հոգեւորականաց տարեկան ժողովին:

Մայիս 6ի առաւօտեան, առաջնորդին նախագահութեամբ եւ դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեանի ատենապետութեամբ գումարուեցաւ Արեւմտեան թեմի 89րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Դատաւոր Գրիգորեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ առաջնորդին մատուցած ծառայութիւններուն, ապա զինք հրաւիրեց, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ: Սրբազանը յիշեցուց, որ 2017ին թեմը պիտի տօնախմբէ իր հաստատման 90ամեակը եւ այդ առիթով Գարեգին Բ. վեհափառը պիտի տայ հովուապետական այցելութիւն մը, որ նախատեսուած է Հոկտեմբեր 2017ին: Առաջնորդը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, թեմի ծուխերուն ու թեմական եւ առաջնորդարանի մակարդակի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանին յատուկ «Հայրենեաց պաշտպանութեան ֆոնտ»ին, որ վերջերս հաստատուած եւ առ այսօր շուրջ 500,000 տոլարի փոխանցում կատարած է Ս. Էջմիածինի հաշիւին:

Ան նաեւ երախտիքի իր խօսքը յղեց վեհափառին, թեմի հոգեւորականներուն, Թեմական խորհուրդին՝ գլխաւորութեամբ Յովսէփ Կանիմեանի, եւ այլոց։

Սրբազանի պատգամէն ետք ներկայացուեցան Թեմական խորհուրդի եւ կազմակերպութեանց տեղեկագիրները ու քննարկուեցան օրակարգի հարցերը:

Դատաւոր Գրիգորեան պատգամաւորներուն յայտնեց, թէ այս տարի կ՛աւարտի առաջնորդին պաշտօնավարութեան վեցերորդ տարին: Պատգամաւորները, բարձր գնահատելով առաջնորդին անձնուէր ծառայութիւնները՝ վստահութեան քուէ տուին թեմակալ առաջնորդին, որպէսզի 2017ի Մայիսի սկիզբը գումարուելիք 90րդ Պատգամաւորական ժողովի աւարտէն ետք, ան 7 տարուան շրջան մը եւս պաշտօնավարէ իբրեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ:

Վստահութեան քուէի դրական արդիւնքի յայտարարութենէն ետք, առաջնորդը արտասանեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Աստուծոյ կամքով պիտի շարունակեմ ծառայել ձեզի՝ պատուով, սիրով եւ իմաստութեամբ»:

Պատգամաւորական ժողովի աւարտին ընտրութիւններ կատարուեցան, իսկ ժողովի աւարտին, առաջնորդին նախագահութեամբ, Թեմական խորհուրդի նոր կազմը գումարեց կարճ ժողով մը, որուն ընթացքին կատարուեցան պաշտօններու ընտրութիւն: Թեմական խորհուրդի նոր կազմը հետեւեալն է.

– Ատենապետ՝ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան

– Փոխատենապետ՝ Վահէ Իսկէնտէրեան

– Գանձապահ՝ Քրիս Միրզայեան

– Ատենադպիր՝ Տերիք Ղուկասեան:

Թեմական խորհուրդի մնացեալ անդամներն են՝ Սթիվ սրկ. Էտըմզ, իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, Պարգեւ Համալեան, Պերճ սրկ. Մանուկեան, Կրեկ æրգոյեան, Մհեր Շարեան, Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, Աւետիս քհնյ. Աբովեան եւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up