Բակօ Սահակեան Այցելեց Պաշտպանութեան Բանակի Զօրավարժարաններէն Մէկը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 17-ին այցելած է Պաշտպանութեան բանակի զօրավարժարաններէն մէկը, հանդիպած Արցախի ազատամարտիկներու միութեան անդամներէ կազմուած գումարտակներէն մէկուն անձնակազմին հետ, ծանօթացած անոնց առօրեային եւ ծառայութեան ընթացքին:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան և հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝  երկրի ղեկավարը ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը` կարեւորելով ազատամարտիկներու մասնակցութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը, ԼՂՀ ԱԺ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up