Հրանդ Մարգարեանի «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» Գիրքի Ներկայացում Մոնրէալի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/hrant-markarian.jpg)
Մոնրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, Ապրիլ 26-ին , տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի հեղինակած՝ «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքի շնորհահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Hairenikweekly.com-ը։
Ներկայ էր ութսունի հասնող գրասէր հանրութիւն մը: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի անունով, ձեռնարկի բացումը կատարեց ընկհ. Անահիտ Պալեան: Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, հրատարակուեցան բազմաթիւ գիրքեր եւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ. Եւ դարերու ընկեր դարձած հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս եկաւ ողջ աշխարհին ըսելու թէ հայը կայ, հակառակ իր երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակին եւ արտերկրի հայութեան դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն. թէ հայը պահանջատէր է, հակառակ տակաւին վերջերս իր երկրի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ճակատումներուն եւ սփիւռքահայութեան գոյատեւումը սպառնացող ամէնօրեայ ճնշումներուն. թէ հայը պիտի մնայ շնորհիւ իր արի ու անձնուէր հերոսներուն եւ թէ հայը պիտի շատանայ շնորհիւ իր արթուն ու պահանջատէր երիտասարդութեան:
Ան ուրախութեամբ ու հպարտանքով նշեց թէ սոյն գրական ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն խոստոմնալից երիտասարդ-երիտասարդուհիներ. Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի՝ Բասթրմաճեան Երկրորդականի, աւարատական դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներէն, Արին Անթէպեան, Լիա Ճանգուզեան, Նոյեմի Լախոյեան, Կրէյս Մէշէֆէճեան, Մհեր Պանքեան, Հրակ Քուպելեան եւ Սեւակ Պապիկեան:
Այնուհետեւ ներածական մը կատարելէ ետք գիրքի մասին, նախքան հեղինակը բեմ հրաւիրելը, Պալեան ներկաներուն փոխանցեց անոր ամփոփ կենսագրականը:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը գիտնական է, Փրոֆէսօր, թատերագիր, թատերագէտ, բեմադրիչ, դերասան, բանաստեղծ, գրական քննադատ, դաստիարակ, կրթական մշակ եւ թարգմանիչ: Ան իր գործունէութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ «Մովսէս Խորհենացի» շքանշանը Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ «Ս. Մեսրոպ Մետալ»՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն:
Դոկտ. Մարգարեան ներկաներուն փոխանցեց թէ ան առաջին անգամ ըլլալով է որ իր «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքի ներկայացումը կը կատարէ Հայերէն լեզուով. ցարդ ան զայն կատարած է անգլերէնով Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ եւ թէ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող գիրքի օրինակները կը հանդիսանան գիրքի երրորդ տպագրութիւնը: Հեղինակը յայտնեց թէ գիրքի սկիզբը ան ամփոփ ձեւով կ՚անդրադառնայ Հայոց Պատմութեան մասին, սեղմ տողերու մէջ նշելով թէ ընդհանուր քաղաքական պայմաններու կողքին, որքան մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը, մեր կրօնքը, մեր ճարտարապետութիւնը եւ մեր մշակոյթը բազմադարեան պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդի գոյատեւման գործընթացին մէջ մինչեւ օրս: Ապա ան պաստառի վրայ, շատ հետաքրքրական ձեւով մէկ առ մէկ ներկայացուց 13 նահատակ հայ գրողները իրենց գրական գործունէութեան մարզերով (ըլլան անոնք բանաստեղծ, գրական քննադատ, հասարակական գործիչ եւայլն) եւ իրենց նշանաւոր մէկ խօսքով, կցելով անոցմէ իւրաքանչիւրին՝ օգտագործած ծածկանուններուն թիւը, նկարն ու տարիքը նահատակութեան ժամանակ:
Վարպետ ճարտասանը ամփոփ կենսագրական տեղեկութիւն մը կատարելէ ետք իւրաքանչիւր մտաւորականի մասին, բեմը կը յանձնէր Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի՝ Բասթրմաճեան Երկրորդականի, աւարտական դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք հայաշունչ ոգիով՝ ընթերցեցին հատուածներ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի անգլերէն լեզուով հեղինակած «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքէն:
Հաճելի էր իմանալ կարգ մը գրողներու անտիպ գրութիւններու մասին եւ մեծ հարստութիւն էր երիտասարդ սերունդի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը այս գրական երեկոյին: Անոնք հայեցի դաստիարակութեամբ թրծուած, հայրենասէ՛ր ուսուցիչներու եւ ազգանուէ՛ր ծնողներու հոգածութեամբ սնած՝ եկան ըսելու թէ իրենք գիտակից են, որ որպէս հայ, պարտաւորութիւններ ունին իրենց ազգին նկատմամբ եւ թէ իրենք ալ օր մը այդ ջահը պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:
«The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքի ներկայացման աւարտին դոկտ. Մարգարեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր ընթերցող աշակերտի եւ որպէս գնահատանք իւրաքանչիւրին նուիրեց իր ներկայացուցած գիրքէն օրինակ մը ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան այս ձեռնարկը կազմակերպած ըլլալուն:
Գրական երեկոյի աւարտին, ընկհ Անահիտ Պալեան ընթերցելէ ետք Դանիէլ Վարուժանի «Հօրս բանտի մէջ» բանաստեղծութեան՝ անգլերէն թարգմանութենէն հատուած մը, աւելցուց. «Ինչպէս Վարուժանին կրծքին մէջ, կը կարծեմ թէ մեր իւրաքանչիւրին կրծքին տակ, կը բորբոքին վրէժի զգացումներ…Կը կարծեմ նաեւ թէ բոլորս ալ անխտիր ունինք այն սէրն ու յարգանքը մեր բանաստեղծներուն նկատմամբ, սակայն զանազան պատճառներով առիթը չենք ստեղծեր նստելու, կարդալու, ըմբոշխնելու եւ առողջ մտայնութիւն ու կեանքի դասեր քաղելու՝ մեր մտաւորականներու բացառիկ ստեղծագործութիւններէն:
Դոկտ Մարգարեանի պատրաստած այս ծաղկաքաղը թող խթան հանդիսանայ ու մղէ մեզի ընթերցելու՝ թուղթերու վրայ պահուած այս հարստութիւնները, որովհետեւ կը հաւատանք թէ որպէս ժողովուրդ գոյատեւելու համար, անհրաժեշտ է լաւ ճանչնալ մեր արժէքները, պատմութիւնն ու գրականութիւնը»:
Պալեան քաջալերեց, որ այս գիրքը տարածուի ամենուրէք մասնաւորաբար օտար շրջանակներէ ներս, նկատի ունենալով որ ան կը հանդիսանայ հիանալի քարոզչութիւն մը մեր գրական արժէքներու: Ապա ան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով յարգանքի ու շնորհակալական խօսքը ուղեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին, որ հմուտ փրոֆեսէօրի իր կարողութեամբ, հիանալի ձեւով ներկայացուց «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքը, եւ իր մասնագէտի եւ արհեստավարժ վարպետութեամբ գրաւեց բոլոր ներկաներու ուշադրութիւնը դէպի իր նիւթը: Ան իր շնորհակալութիւնները յաջորդաբար փոխանցեց նաեւ Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բասթրմաճեան Երկրորդականի աւարատական դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն՝այս գրական ձեռնարկի յաջողութեան համար իրենց մասնակցութիւնը բերած ըլլալնուն, եւ գրասէր հանրութեան, որ իր ներկայութեամբ ու հայ մշակոյթի նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւններով, կու գայ ու կը քաջալերէ հայ արժէքները: Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցան հարցում-պատասխաններ, շնորհաւորութիւններ, հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրումը հեղինակին կողմէ: