Այցելութիւն մը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական եւ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի մէջ անոր ապագայ գործունէութեան:

Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան ՀՄԸՄ Լիբանանի գործունէութեան առնչուող զանազան նիւթեր եւ դեսպանը` բարձր գնահատելով միութեան գործունէութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան:

Այցելութեան աւարտին Շրջանային վարչութեան անդամները հրաւիրեցին դեսպանը ներկայ գտնուելու ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօնին, եւ դեսպանը ընդառաջեց հրաւէրին:

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up