Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Վերոնիք Կարեւորեան Հիմնադրամի Յատկացումները

16 դեկտեմբեր 2014-ի հաղորդագրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը յայտարարած էր, որ կաթողիկոսութեան մօտ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանին, Վերոնիք Կարեւորեան 700.025 ամերիկեան տոլարի գումարով հիմնադրամ մը հաստատած է: Հիմնադրամին նպատակն է հայ-ֆրանսական մշակութային գործակցութեան նպաստ բերող ծրագիրներու յատկացնել հիմնադրամին եկամուտները: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ յատուկ Յանձնախումբ մը կը ճշդէ հիմնադրամին գործունէութիւնը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Վերոնիք Կարեւորեան եւ Միմի Եոզկաթեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, ուրբաթ, 13 մայիս 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին յանձնախումբը տուաւ հետեւեալ որոշումները. ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին` Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, տրամադրել 10.000 ամերիկեան տոլար: Ինչպէս նաեւ 20.000 ամերիկեան տոլար` յուլիսի կէսերուն կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք երիտասարդական համագումարին եւ 10.000 ամերիկեան տոլար` ֆրանսերէնով կատարուելիք հրատարակութեան մը:
Այս առիթով կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքը կը յիշեցնէ, թէ հիմնադրամին կրնան դիմել անոնք, որոնք ֆրանսերէնով հրատարակութիւններ ունին կամ հայ-ֆրանսական մշակութային գործակցութեան առնչուած յատուկ ծրագիրներ: