Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն Իրադրութիւնը Ապակայունացնող Սադրիչ Գործողութիւններու Դիմած է. Հայկական Կողմն Ունի 1 Նահատակ. ԼՂՀ ՊԲ

Մայիս 16 լոյս 17-ին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ ու հետեւակի մարտական մեքենայէ (30 արկ), 60 միլիմեթրանոց ականանետերէ (16 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետերէ (32 արկ) խախտած է հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊԲ-ն:
Առաւել մեծ խախտումներ արձանագրուած են սահմանագօտիի հարաւարեւելեան (Հադրութ) եւ արեւելեան (Մարտունի) ուղղութիւններով:
Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական զինուժը առաջնային գիծի վրայ իրադրութեան ապակայունացման եւ սադրիչ գործողութիւններու կը դիմէր Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերով կազմակերպուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւններու նախագահներու հանդիպման ընթացքին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած ՊԲ դիրքերէն մէկուն մէջ՝ Մայիս 17-ին, ժամը 00:50-ի սահմաններուն, նահատակուած է ժամկետային զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Խաչատուր Վարդանի Յարութիւնեանը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ առաջնային գիծի վրայ ստեղծուած լարուածութեան հետեւանքներուն ողջ պատասխանատւութիւնն կ՝ինայ ատրպէյճանական կողմին վրայ: