Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ ԱՄՆ «Կանթեղ» Երգչախումբի Մամլոյ Ասուլիսը

Մայիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ «Կանթեղ» մեծահասակներու աշուղական երգչախումբի մամլոյ ասուլիսը, որուն բանախօսներն էին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ «Կանթեղ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց երգչախումբի անդամներուն, որ այս տագնապալի ու անհանգիստ օրերուն անոնք յաղթահարած են հսկայական տարածութիւնը` մեր ժողովուրդի, զինուորի կողքին ըլլալու, անոր ոգեւորելու եւ զօրակցելու համար: «Աշուղական երգերի նոր մեկնաբանութեամբ յայտնի «Կանթեղ» մեծահասակների աշուղական երգչախումբը իր երգի ուժով կը փորձի նոր լիցքեր հաղորդել մեզ», – շեշտեց ան:
Երգչախումբի ղեկավար Գէորգ Չաքմանեան նշեց. «Շնորհակալութիւն ջերմ ընդունելութեան համար: Առաջին անգամը չէ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կ’աջակցի մեր ձեռնարկներուն: Այս անգամ Հայրենիք եկած ենք յատուկ առաքելութեամբ` ոգեւորել ու զօրակցիլ հայ զինուորին:
Այսօր յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ օդի ու ջուրի պէս կը զգան մեր աջակցութեան կարիքը: Մայիս 18-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի կ’ունենայ «Կանթեղ» մեծահասակներու աշուղական երգչախումբի համերգը, որ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ հայ զինուորին: Պիտի նուագակցի Հանրային ռատիոյի Արամ Մերանգուլեանի անուան ժողովրդական գործիքներու անսամպլը: Կը կատարենք գուսան Շերամի, գուսան Հաւասի, Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնները:
Յետոյ կը մեկնինք Տաւուշի մարզ, համերգներով հանդէս կու գանք Մովսէս, Պառաւաքար, Բաղանիս, Այգեպար, Չինարի գիւղերուն մէջ»:
Նշենք, որ համոյթը արդէն երրորդ անգամ է բարեգործական համերգներով հանդէս կու գայ Երեւանի եւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ:
Լրագրողի այն հարցին, թէ ինչպէս կազմաւորուած է համոյթը` պարոն Չաքմանեան պատասխանեց. «2010թ. երբ մեկնեցայ ԱՄՆ, իմ առաջին իսկ համերգին ժամանակ նկատեցի, որ դահլիճին մէջ նստած շատ տարեց մարդիկ սիրով կը ձայնակցին: Այդպէս ծնաւ մեծահասակներու երգչախումբ ստեղծելու գաղափարը: Յայտարարութեան արձագանքեցին շատերը: Այսօր երգչախումբին մէջ ընդգրկուած են 47-է 98 տարեկան երգիչներ: Ամենատարեց երգիչի` Յովհաննէս պապիկի 100 ամեակը Հայաստանի մէջ պիտի նշենք»:
«Կանթեղ» մեծահասակներու աշուղական երգչախումբի անդամներուն ընդունեց նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով հիւրերը` ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ հերթական անգամ Հայրենիք էք եկել ձեր երգով ու ջերմութեամբ մեր զինուորին ոգեւորելու, լիցքաւորելու համար: Հայաստանը միակ երկիրն է, որտեղից դժուարին պահին ոչ թէ հեռանում են, այլ վերադառնում են ու աւելի միասնական դառնում: Շնորհակալ ենք, որ եկել էք, բարի՛ գալուստ»: