Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Քննադատական Մտածողութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններու Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին կազմակերպած եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորած Յակոբ Ա. Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններու մէջ» գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 մայիս 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները կարդաց Շաղիկ Խիւտավերտեանի խօսքը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ, թէ Յակոբ Ա. Եագուպեանի գիրքը գիտահետազօտական աշխատասիրութիւն մըն է, լիբանանահայ վարժարաններու մէջ քննադատական մտածողութեան խորաթափանց վերլուծում մը` գիտական հիմքերէ մեկնած եւ անոնց վրայ խարսխուած: Ան նշեց, որ կրթական ղեկավարներու եւ ուսուցիչներու մասնագիտական պատրաստութեան առընթեր անհրաժեշտ է ստեղծել յարմար միջավայր, նպատակաուղղուած ծրագիրներ եւ վերատեսութեան ենթարկուած կրթական քաղաքականութիւն` պատրաստել կարենալու համար առողջ սերունդներ, որոնք անցնելով քննական մտածողութեան բովէն պիտի կարենան երաշխաւորել ազգի գոյատեւումը: Խօսքի աւարտին հրաւիրեց Սիլվա Փափազեանը, որպէսզի ներկայացնէ գիրքը:
Սիլվա Փափազեան ըսաւ, թէ գիրքին մէջ քննադատական մտածողութեան դերը կը քննարկուի տիպար քաղաքացիի եւ տիպար հայու պատրաստութեան կապակցաբար: Այս առումով ալ գիրքին առաջին երկու գլուխներուն մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ աշխատասիրութեան նպատակն ու կարեւորութիւնը` հիմնուելով համապատասխան տեսութիւններու վրայ, ապա` յաջորդող գլուխներուն մէջ կը ներկայացուի գիտահետազօտական աշխատանք մը, կը բացատրուին մեթոտը, արդիւնքները, կը կատարուի ընդհանուր քննարկում եւ կը բխին եզրակացութիւններ, առաջադրանքներ լիբանանահայ վարժարաններու կրթական քաղաքականութեան զանազան երեսներուն առնչուող: Ս. Փափազեան յայտնեց, որ հեղինակը ներածականին մէջ կը սահմանէ քննադատական մտածողութեան յղացքը հեղինակաւոր մասնագէտի մը ըմբռնումներէն մեկնած, ապա կը ներկայացնէ աշխատասիրութեան հիմնական նպատակը:
Հեղինակը կը բացատրէ նաեւ, որ գիտահետազօտական հիման վրայ կարելի կը դառնայ կանխատեսել, թէ հայ վարժարաններուն մէջ որքանո՛վ կը պատրաստուին ապագայ հայն ու ապագայ քաղաքացին` քննադատական մտածողութեան սկզբունքներուն հետեւողութեամբ:
Ս. Փափազեան նշեց, որ գիրքի առաջին երկու գլուխներուն մէջ քննադատական մտածողութեան հետ առնչուող գրականութեան տեսութիւններ կը ներկայացնէ հեղինակը: Առաջին գլուխին մէջ հարցը կ՛արծարծուի մասնաւորաբար մանկավարժական փիլիսոփայութեան դիտանկիւնէն, իսկ երկրորդ գլուխին մէջ` տիպար քաղաքացիի եւ տիպար հայու պատրաստութեան տեսանկիւնէն: Կը ներկայացուի ազգային դաստիարակութեան հայեցի արժէքներ փոխանցելու կերպին եւ քննադատական մտածողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Ս. Փափազեան նկատել տուաւ, որ հեղինակը նշանակալից մէջբերումներու օգտագործումով բովանդակալից կերպով նկատի առած է կարգ մը հայ մանկավարժներու գաղափարները: Սոսկ տեսութիւններու ներկայացում չի բովանդակեր գիրքը, այլ զանազան մօտեցումները իրարու կը շաղկապուին քննական ակնոցով մը` երբեմն բաղդատութիւններ կատարելով եւ իւրաքանչիւր բաժինի աւարտին եզրակացութիւններու յանգելով:
Երրորդ գլուխին մէջ կը պարզաբանուի ուսումնասիրութեան մեթոտը, որ կը ներկայացնէ ու կը լրացնէ գիտական-ակադեմական հետազօտութեան մը բոլոր հիմնական տուեալները:
Իսկ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ բաժինները գիտաշխատութեան արդիւնքներուն զեկուցումը կը ներկայացնեն: Ս. Փափազեան հաստատեց, որ հարցարաններէն ու հարցազրոյցներէն քաղուած բոլոր արդիւնքները կը ներկայանան հեղինակին նախապէս արծարծած հարցադրումներուն լոյսին տակ, ինչ որ գիտահետազօտական աշխատանքին կարեւոր յատկանիշներէն մէկն է: Վերջին գլուխը յատկացուած է աշխատասիրութեան եզրայանգումին: Եզրակացութիւնները հիմնաւորուած են եւ բաղդատականներ տրուած` այլ նմանօրինակ աշխատասիրութիւններու արդիւնքներուն հետ: Ուսումնասիրութեան արդիւնքներու քննարկումը կատարուած է տրամաբանական ճշգրիտ առարկայական մօտեցումով` համապատասխան գիտահետազօտական աշխատանքի սկզբունքներուն:
Հիմնուելով եզրակացութիւններուն վրայ` հեղինակը կը ներկայացնէ կրթական քաղաքականութիւններու կապակցութեամբ 8 առաջադրանքներ, որոնք կը կառուցուին երկու սկզբունքներուն վրայ` առաջին` ուսուցչութեան մտաւորական աշխատանք ըլլալու հանգամանքը եւ լիբանանահայ վարժարաններու բուրգին խարիսխը հանդիսացող կրթական մշակներուն ուժեղ ըլլալու հրամայականը: «Պէտք է մատնանշել այն շատ գնահատելի իրողութիւնը, որ գիրքին մէջ անջատ բաժիններով մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած է քննադատական մտածողութեան հայեցի արժէքներու փոխանցումը աշակերտին», եզրափակեց Սիլվա Փափազեան:
Խօսք առաւ դոկտ. Յակոբ Ա. Եագուպեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց իր աշխատասիրութեան մտայղացման, ծրագրաւորման եւ իրականացման փուլը: Ան ըսաւ, թէ իր նպատակն էր մօտէն եւ խորաթափանց կերպով սերտել լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ ծառայող տնօրէններու եւ ուսուցիչներու մանկավարժական ըմբռնումները, հասկացողութիւնները, մեկնաբանութիւնները, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը մեկնաբանեն քննադատական մտածողութեան յղացումը: Յ. Եագուպեան յայտնեց, որ աշխատանքը կը նպատակադրէր ուսումնասիրել, թէ ինչպիսի՛ մեթոտ կ՛օգտագործուի կրթական գործի ղեկավարութեան մէջ, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատուի կապը քննադատական մտածողութեան եւ հայեցի արժէքներու դաստիարակութեան միջեւ:
Ան անդրադառնալով աշխատանքի հոլովոյթին ըսաւ, թէ գործին մասնակցած են լիբանանահայ 24 վարժարաններու մէջ ծառայող 235 ուսուցիչներ եւ 19 տնօրէններ:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են գիրքի լոյս ընծայման գործին մէջ:
Խօսք առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան: Ան հրատարակուած աշխատութեան ակնարկելով ըսաւ, թէ անիկա «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հետաքրքրող նիւթ է, որովհետեւ սերտօրէն առնչուած է արեւմտահայերէնի ամրապնդման եւ յառաջացման հետ: Իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատելով լեզուի փոխանցման հոլովոյթը սերունդէ-սերունդ ըսաւ, թէ սփիւռքը չէ կրցած 20-րդ դարու կիսուն լուծումները յարմարցնել 21-րդ դարու առաջին կէսի իրականութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն: Ան յայտնեց, որ դպրոցին դերը հայերէնը իբրեւ միակ սրբութիւն փոխանցելու մէջ պէտք չէ ըլլայ, եւ ոչ ալ քերականական կատարելութեան մտահոգութիւններով առաջնորդուելու, այլ զայն պէտք է վերածել իրական, շնչող եւ գործածուող լեզուի: Ան ըսաւ, թէ հայերէնը պէտք է դառնայ սփիւռքի երիտասարդ սերունդին ամէնօրեայ լեզուն, ապրելու եւ ստեղծագործելու եղանակ մը, իսկ ինչ կը վերաբերի սերունդէ-սերունդ լեզուի փոխանցման ապահովութեան Ռ. Փանոսեան ըսաւ. «Հիմնական խնդիրը մարդուժի պակասն է: Իբրեւ հիմնարկութիւն` մենք շեշտը դրած ենք մարդուժ պատրաստելու հարցին վրայ, մարդուժ որ հմուտ է նորամուտ մանկավարժական մօտեցումներուն»:
Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Յ. Եագուպեանին եւ ըսաւ, թէ աշխատութիւնը առիթ կու տայ մտածելու, խօսելու, որդեգրելու նոր մօտեցումներ, ըլլալու լայնամիտ շեշտելով սփիւռքեան իրականութիւնները եւ իւրայատուկ մարտահրաւէրները:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան անդրադարձաւ հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, ապա կարեւոր նկատեց եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին մէջ կրթական եւ բազմաթիւ հարցերու մասին մօտէն խօսելու, մտածելու եւ հետեւելու կարելիութեան, որուն լաւագոյն փաստն է հրատարակուած հատորը:
Իր խօսքի աւարտին վեր. Հայտոսթեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան` յանձինս դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի տեսիլքին եւ նեցուկին, եւ ըսաւ, թէ միացեալ գործունէութեամբ յառաջիկայ տարիներուն կարելի է զարգացնել տեսիլքը եւ զայն վերածել համոզումի, իսկական ուժի` ի խնդիր հայ մարդու պատրաստութեան:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ուղղուեցան Հայկազեանի «Մուկար» պարտէզ, ուր հիւրասիրութեան մը շուրջ հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց բոլոր ներկաներուն: