Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բին 30ա­մեա­կը եւ «­­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի 20ա­մեա­կը. Պա­րա­յին բա­ցա­ռիկ հա­մերգ եւ ան­սահ­ման խան­դա­վա­ռու­թիւն

Շա­բաթ՝ 7 ­­Մա­յիս 2016ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, Ա­յիա ­­Փա­րաս­քե­ւիի Pierce-The American College of Greeceի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յին Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­­Միու­թեան պա­րի միա­ւո­րի «­­Նա­յի­րի», «­­Նա­նօր» եւ «­­Մա­րա­լօ» խում­բե­րու պա­րա­յին հա­մոյ­թը, ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի հայ­կա­կան պա­րա­խում­բե­րու կազ­մու­թեան 30րդ ­տա­րե­դար­ձի եւ «­­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 20ա­մեա­կին ա­ռի­թով։
Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղան յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը, Հ. Յ. Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէն, Հ. Հ. դես­պա­նը, կրօ­նա­կան դա­սը, գա­ղու­թա­յին միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներ եւ 1000ի շուրջ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն մը։

Ցու­ցա­հան­դէս

Ս­րա­հի մուտ­քին, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած էր միու­թեան անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր մար­զե­րը ընդգ­րող ճոխ ցու­ցա­հան­դէս՝ տաս­նեակ լու­սան­կար­նե­րով, ա­ֆիշ­նե­րով, յայ­տա­գիր­նե­րով, ալ­պոմ­նե­րով ու պատ­մա­կան բնոյ­թի վա­ւե­րա­թուղ­թե­րով։ ­­Ժո­ղո­վուր­դը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ այ­ցե­լեց ցու­ցա­հան­դէ­սի վայ­րը եւ ծա­նօ­թա­ցաւ ներ­կա­յա­ցո­ւած նիւ­թե­րուն՝ իր ան­վե­րա­պահ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լով։

Բաց­ման խօսք

Օ­րո­ւան պա­րա­յին հա­մոյ­թի բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց պա­րի միա­ւո­րի վար­չու­թեան ան­դամ եւ պա­րու­սոյ­ցի օգ­նա­կան­նե­րէն ընկ. Անդ­րա­նիկ ­­Շահ­պա­զեան։
Հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով իր խօս­քին մէջ, ըն­կե­րը ամ­փոփ պատ­մա­կա­նը ը­րաւ պա­րա­խում­բե­րու եր­թին՝ ան­ցեա­լէն մին­չեւ այ­սօր։ Անդ­րա­դար­ձաւ հայ պա­րա­յին գե­ղա­րո­ւես­տի ա­ւան­դա­կան բնոյ­թին եւ, պա­րա­րո­ւես­տի ճամ­բով, հա­յա­պահ­պան­ման մեր ազ­գա­յին գո­յա­պայ­քա­րը մշտա­վառ ու կեն­դա­նի պա­հե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ու նպա­տակ­նե­րուն։

Օ­րո­ւան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը

Պա­րա­յին հա­մոյ­թի յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նար եր­կու գլխա­ւոր բա­ժին­նե­րէ։ Իւ­րա­քան­չիւր մա­սը՝ 9 պա­րե­րէ, ո­րոնք խան­դա­վառ ու յու­զիչ մթնո­լոր­տի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­­Հա­մազ­գա­յի­նի 3 տար­բեր տա­րի­քա­յին խում­բե­րէ կազ­մո­ւած՝ «­­Նա­յի­րի», «­­Նա­նօր» եւ «­­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րու, ա­ռա­ւել՝ հին վե­թե­րան պա­րող­նե­րու կող­մէ։
Ա­ռա­ջին մա­սով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան՝ «­­Թա­տե­րա­պա­րա­յին»ը, «­­Նա­ւա­սարդ»ը, «­­Լոր­քէ»ն, «­­Վար­դա­գոյն աղ­ջիկ­ներ»ը, «­­Դա­ւիթ ­­Բէկ»ը, «­­Քեր­ծի»ն, «­­Շա­տա­խի պար»ը, «­­Վեր­յի­շում»ը եւ ­­Սի­րու­շո­յի «­­Կը գայ մի օր»ը («Where were you»)։
Երկ­րորդ մա­սով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան՝ «­­Քո­չա­րի», «­­Սաս­նոյ պար»ը, «Ի­լիկ­ներ»ը, «­­Ղա­րա­բաղ»ը, «Իմ ա­նու­նը ­­Հա­յաս­տան է», «­­Շի­րա­կի պար»ը, «Ար­ցա­խի քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­ներ»ը, եւ իբ­րեւ ֆի­նալ՝ «Ար­տա­շատ»ի պա­րը։
Յատ­կան­շա­կան է, որ «­­Ղա­րա­բաղ» պա­րի ներ­կա­յաց­ման ա­ռի­թով յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, թէ ան ձօ­նո­ւած է Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի մեր նո­րա­գոյն հե­րոս­նե­րու եւ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Ն­շե­լի է, որ օ­րո­ւան գու­նա­ւոր եւ գե­ղա­տիպ յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նար 38 է­ջե­րէ։
Յայ­տագ­րի է­ջե­րուն մէջ կար ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յի­նի պատ­մա­կա­նը (հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով)։
Այս ա­ռի­թով նշենք, որ ­­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 ­­Մա­յի­սի «Ա­զատ Օր»ի մէջ լոյս տե­սած ամ­բող­ջէ­ջեայ գրու­թեան մէջ, ա­կա­մայ մոռ­ցո­ւած է ար­ձա­նագ­րե­լու, թէ «­­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը՝ բա­ցի ար­դէն իսկ նշո­ւած քա­ղաք­նե­րէն, հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­ներ ուն­ցեած է նաեւ՝ Կ­րե­տէ կղզիի ­­Խա­նիա քա­ղա­քին մէջ, ­­Սա­մոս, ­­Սի­րոս կղզի­նե­րուն, Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­­Թաւ­րո­սի, ­­Փա­փա­ղո­ւի, ­­Խա­լանտ­րիի, «­­Մի­խա­լիս ­­Քա­քոեան­նիս» թա­տե­րաս­րա­հի, ­­Ռա­ֆի­նա­յի, Է­ղիո­յի, ­­Փաթ­րա­սի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ար­քա­յա­կան թատ­րո­նի, 2001ին ­­Գո­մո­թի­նիի մէջ, 2015ին ­­Գա­վա­լա­յի մէջ՝ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ա­ռի­թով, միջ-թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րով։
Այս­քա­նը պատ­մու­թեան, եւ ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը ու­նե­նա­լու հա­մար։
Շա­րու­նա­կե­լով՝ ար­ձա­նագ­րենք, որ յայ­տագ­րին մէջ լոյս տե­սած է պա­րու­սոյ­ցի եւ օգ­նա­կան­նե­րու հա­ւա­քա­կան լու­սան­կա­րը եւ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը։
Պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նի լու­սան­կարն ու կեն­սագ­րու­թիւ­նը (հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով)։
Յա­ջոր­դա­բար, տեղ գտած է «­­Նա­յի­րի», «­­Նա­նօր», «­­Մա­րա­լօ» պա­րող­նե­րու եւ այս հա­մեր­գին ի­րենց սի­րա­յօ­ժար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած 16 հին-վե­թե­րան պա­րող­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը։
Դար­ձեալ եր­կու լե­զու­նե­րով տեղ գտած է յայ­տագ­րին մէջ՝ օ­րո­ւան պա­րե­րու ա­նուն­նե­րը, նշե­լով բե­մադ­րի­չի, ե­րաժշ­տու­թեան եւ մե­նա­կա­տար­նե­րու ա­նուն­նե­րը։
Յատ­կա­պէս նշե­լի է պրն. ­­Յով­սէփ ­­Թո­փա­լեա­նի անգ­նա­հա­տե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ե­րաժշ­տա­կան, վի­տէո­յի եւ լու­սա­ւո­րու­թեան դա­սա­ւո­րում­նե­րու գոր­ծին մէջ։
Յայ­տա­գի­րը ու­նէր նաեւ ծա­նու­ցում­նե­րու բա­ժին, ինչ որ մե­ծա­պէս սա­տա­րեց գրքոյ­կի տպագ­րա­կան ծախ­սե­րուն։

Պա­րու­սոյց եւ օգ­նա­կան­ներ

Բա­ցա­ռիկ այս հա­մոյ­թի սիրտն ու ո­գին կը հան­դի­սա­նայ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու ե­րի­տա­սարդ պա­րու­սոյց, պա­րե­րու բե­մադ­րիչ եւ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Էտ­կար Է­կեան։
Էտ­կար՝ փոքր տա­րի­քէն հա­կո­ւած ըլ­լա­լով հայ­կա­կան պա­րա­րո­ւես­տին, ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ հե­տե­ւած է «­­Կուլ­տու­րա­յի պա­լա­տի» պա­րա­րո­ւես­տի դպրո­ցին։ ­­Փոքր տա­րի­քէն ­­Յու­նաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լով՝ լայն փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգեց միու­թեան պա­րա­խում­բե­րու նախ­կին պա­րու­սոյց ու հիմ­նա­դիր ­­Յո­վիկ ­­Խա­չի­կեա­նի մօտ, որ­պէս մե­նա­կա­տա­րի ու պա­րա­խում­բե­րու մաս­նա­կի­ցի։
Իր նա­խոր­դի ­­Յու­նաս­տա­նէն դէ­պի այլ եր­կիր­ներ իր ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով, պա­րու­սոյ­ցի դե­րը յանձ­նո­ւե­ցաւ ընկ. Էտ­կա­րի, որ մեծ նո­ւի­րու­մով ու ձեռնհա­սօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ օրս ի­րեն վստա­հո­ւած գոր­ծը։
Զան­ցա­ռու­թիւն պի­տի ըլ­լար, ե­թէ չնշո­ւէր, որ մեր սի­րե­լի պա­րու­սոյ­ցի կող­քին, իբ­րեւ 3 պա­րա­խում­բե­րու ան­մի­ջա­կան օգ­նա­կան­ներ սի­րա­լիր ու ներ­դաշ­նակ մղու­մով կը գոր­ծէ 11 հո­գի­նոց կազմ մը, ո­րոնք միա­ժա­մա­նակ մաս կը կազ­մեն «­­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բին՝ իբ­րեւ պա­րող­ներ ու մե­նա­կա­տար­ներ։
Ա­նոնք են՝ Անդ­րա­նիկ ­­Շահ­պա­զեան, Ար­մէն ­­Մի­խա­յի­լի­տիս, Ալ­պերթ ­­Գալս­տեան, Ա­նաս­թա­սիա ­­Գու­յում­ճեան, ­­Թա­լին ­­Չեր­չեան, ­­Ֆէյ ­­Փի­լա­ֆեան, ­­Սի­մոն Ա­սի­պեան, Ար­մի­նէ Մկր­տի­չեան, ­­Թա­նիա-­­Լու­սի ­­Գա­զա­րեան, Ան­նա ­­Պօ­ղո­սեան։
Թո՛ղ բո­լորն ալ վստահ ըլ­լան, որ ի­րենց տքնա­ջան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ է, որ աշ­խու­ժօ­րէն կը պա­հո­ւին, կը գո­յա­տե­ւեն ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն մեր պա­րա­խում­բե­րը։

Պար­գե­ւատ­րում­ներ

Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով, օ­րո­ւան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ա­ւար­տին, միու­թեանս ա­տե­նա­պե­տին կող­մէ յա­տուկ յու­շա­տախ­տա­կով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեան եւ միու­թեանս տաս­նա­մեակ­նե­րու իր նո­ւի­րեալ ու ան­շա­հախն­դիր մա­տու­ցու­մին հա­մար ընկ. ­­Կիւ­լա ­­Գա­րա­պա­ճա­քեան, վար­չա­կան, երգ­չախմ­բա­յին, պա­րախմ­բա­յին եւ թա­տե­րա­կան բո­վան­դակ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։
Վարձ­քը կա­տար եր­կու ար­ժա­նա­ւոր­նե­րուն։
Նոյն­պէս, հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ծա­ղիկ­նե­րով պա­տո­ւը­ւե­ցան պա­րու­սոյց օգ­նա­կան­նե­րը։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար-նա­խա­գա­հը իր փակ­ման խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց Ա­մե­րի­կեան ­­Գո­լէ­ճի տնօ­րէ­նու­թեան, սրա­հը անվճար տրա­մադ­րե­լուն՝ միու­թեան հա­մեր­գին, ինչ­պէս նաեւ ընկ. ­­Ժեր­մէն Իս­պի­րեա­նին, միու­թեանս ըն­ձե­ռած օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։ Ան նաեւ յի­շե­ցուց «Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­­Ֆոն­տի ­­Մարմ­նի» ­­Շա­բաթ՝ 14 ­­Մա­յի­սին կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նար­կին, եւ ­­Կի­րա­կի՝ 22 ­­Մա­յի­սին նոյն նպա­տա­կով «­­Ֆո­նե­թոն»ի մա­սին։
Ա­ւար­տին, այդ նպա­տա­կին հա­մար ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցան երկ­լե­զու թռու­ցիկ­ներ։

Ի պա­տիւ պա­րող­նե­րուն

Հա­մեր­գէն ետք, «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, ուր ճաշ­կե­րոյթ-փար­թի տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րուն հա­մար, ու­րախ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։ ­­Պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը զուտ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ պա­րե­ցին մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը։

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն

Հա­յու­թեան գո­յա­պայ­քա­րին մաս կը կազ­մէ նա­­՛եւ գե­ղա­րո­ւես­տը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ հա­մախմ­բե­լու հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րը՝ մշա­կոյ­թի ու քա­ղա­քակր­թու­թեան ճամ­բով ծա­ռա­յե­լու ազ­գին ու մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Հայ­կա­կան պարն ու ա­նոր տա­րա­ծած պատ­գա­մը չե՛ն խօ­սիր մա­հո­ւան, այլ՝ կը խօ­սին կեան­քի շա­րո­ւնա­կա­կա­նու­թեան տես­լա­կա­նին մա­սին։
Ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին մօտ, մեր նախ­նեաց ո­գիէն ներշն­չո­ւող այն հաս­տատ հա­մո­զու­մը կայ, թէ մեր ար­մատ­նե­րը պի­տի չկոր­սո­ւին, ո­րովհե­տեւ նոր սե­րուն­դը լիո­վին կը մարմ­նա­ւո­րէ մեր խո­րունկ ար­մատ­նե­րը ար­ժա­նա­հա­ւատ ո­գիով ու պատ­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­ւատ­քով ու ըմբռ­նու­մով։
Հա­յու ո­գին կը միաց­նէ մեզ։ ­­Մեր ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան յու­շը չի դա­ւա­ճա­ներ մե­զի։
Նոր սե­րուն­դը պատ­րաստ է իր դէմ ցցո­ւող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը քա­ջու­թեամբ դի­մագ­րա­ւե­լու։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­րա­տեւ­ման գաղտ­նի­քը իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ կը գտնո­ւի։ ­­Հա­ւա­տա­րիմ մնանք այս ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թեան։
Մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը պատ­մա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նին։ Ի­րենց­մէ շատ բան կը սպա­սո­ւի…։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ

12 3 4

Scroll Up