Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Գերմանացի Մտաւորականներու Կոչը Մերկքլին

Գերմանացի մտաւորականները, որոնց մէջ` թրքական ծագում ունեցող բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն, բաց նամակով մը դիմած են Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին եւ Պունտեսթակին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ընելով Յունիս 2-ին ընդունուելիք բանաձեւով, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Ինչպէս կը յայտնէ Horizon Weekly-ն, բաց նամակը հրապարակուած է Die Zeit գերմանական պարբերականին մէջ: Նամակին մէջ գերմանացի մտաւորականները կոչ կ՛ընեն «յստակ դիրքորոշում ցոյց տալու Յունիս 2-ին եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը կոչելու իր անունով` ցեղասպանութիւն»:

«Պատկերացուցէք, որ դուք կ՛ապրիք Գերմանիոյ մէջ, ուր Հոլոքոսթը կը ժխտուի, միթէ՞ ատիկա չէր դիտուեր որպէս յանցագործութեան շարունակութիւն»,- կը գրեն մտաւորականները:

«Կոչ կ՛ընենք հետեւելու հիմնարար եւրոպական արժէքներուն եւ յստակութիւն մտցնելու ձեր բառերուն մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը ներկայ պահուն կը ծառայէ որպէս նոր բռնութիւններու հիմք: Հայերը ահաբեկիչ կ՛անուանէին 1915-ին, անոնց ունեցուածքը առգրաւեցին, իսկ այժմ` 2015-ին, Թուրքիոյ մէջ սպաննուած են աւելի քան 5000 քիւրտ բնակիչներ, որոնք եւս ահաբեկիչ կ՛անուանուէին: Այս ամէնը տեղի կ՛ունենայ, քանի որ Թուրքիան շարունակաբար կը մերժէ առերեսուիլ իր պատմութեան եւ անցեալին, ինչպէս նաեւ այսօրուայ գործողութիւնները որեւէ պատասխանի չեն արժանանար միջազգային հանրութեան կողմէ»,- կ՛ըսուի մտաւորականներու նամակին մէջ` ընդգծուելով, որ աւելի քան 100 տարի Պունտեսթակը եւ անոր նախորդ կառոյցները լուռ մնացած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:

Յունիս 2-ին Պունտեսթակը մէջ պիտի քննարկուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Scroll Up