Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն

Մայիս 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած ընթացիկ աշխատանքները: Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրները համայնքներուն մէջ տեղայնացնելու, եւ յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած Սփիւռքի կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն կողմէ իրականացուող ձեռնարկները:
Նախարարը կարեւոր համարեց համայնքներուն հետ աշխոյժ անմիջական աշխատանքներ իրականացնելը եւ յանձնարարեց ըստ հաստատուած ժամանակացոյցի առաւել հետեւողական ու արդիւնաւէտ կազմակերպել հեռաժողովները` քննարկելով համայնքային խնդիրները եւ նախարարութեան ծրագիրներուն անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանիլը:
Հրանուշ Յակոբեան առանձնակի կարեւոր համարեց նաեւ Սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի անդրանիկ նիստի յաւուր պատշաճի կազմակերպումը:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: