Մոսկուայի ՄԷջ Հայ Մարտիկին Յաղթանակը Թուրք Մրցակիցին Նկատմամբ

Մոսկուայի «Լուժնիկի» մարզապալատին մէջ իրականացուած մենամարտերու Octagon Fighting Sensation-8 մրցաշարին մէջ հայ մարտիկներէն Դաւիթ Վարդանեան յաղթանակ տարած է թուրք Մարատ Հասանովի նկատմամբ, կը հաղորդէ rsport-ը:
Յիշեցնենք, որ նախքան այդ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալպերթ Ղազարեան մեծ առաւելութեամբ, հէնց առաջին շրջանին յաղթած էր ատրպէյճանցի Ռուսլան Մուրատազովին:
Յաղթանակէն ետք Ալպերթ Ազարեան Արցախի Հանրապետութեան դրօշը ձեռքին նուաճումը նուիրած է հայ զինուորներուն ու դիրքապահներուն:
Լուսանկարը` armfc-էն: