Պատերազմի Երկու Գոյները

Մայիս 9-ը տօն է ինծի համար դեռ մանկութենէս: Պապիկս` Աղուան Աբրահամեանը, Հայրենական պատերազմի հերոս է: Հիմա ան չկայ, ապրող պատմութիւն է ոչ միայն մեր ընտանիքին, այլեւ  ամբողջ ժողովուրդի մը:

Մայիս 9-ը յաղթանակի, հպարտութեան օր է ինծի համար իմ ծնած օրէս, սակայն ես երբեք այդ օրը պապիկս ուրախ չեմ յիշեր: Երբ կը հաւաքուէին անոր եօթ զաւակները, թոռները, ծոռները, ան միշտ տխուր էր, կը ժպտէր միայն, երբ  կը ցանկար թաքցնել աչքերուն մէջ կուտակուած արցունքները: Կը խօսէր շատ քիչ, ու պարտադիր խօսքը կ’աւարտէր նախադասութեամբ, որ բոլորս անգիր գիտէինք. «Ցանկութիւնս է, որ Ձեզ երբեք նման առիթներով չշնորհաւորեն, որ Ձեր յաղթանակներն ու շնորհաւորանքները խաղաղ օրերի ծնունդ լինեն»:

Մենք կը զարմանայինք` հպարտանալու, ուրախանալու փոխարէն ան ինչ կ’ըսէ: տարիներ յետոյ միայն հասկցայ, որ այդ ժամանակ պատերազմը մեզի համար միայն մէկ երես ունէր` յաղթանակ, իսկ պապիկիս համար…

Արդէն 24 տարի է` Մայիս 9-ը ինծի համար դարձած է Եռատօն, երբ մեր նորագոյն պատմութեան հերթական էջը լրացուեցաւ Շուշիի յաղթանակը աւետող հերոսական տողերով: Շուշին դարձաւ մեր անպարտ ոգիի, անկասելի բազուկի նորօրեայ առհաւատչեան ու այն մշտարթուն հերոսը, որ իւրաքանչիւր պահի կրնայ արթննալ իւրաքանչիւրիս հոգիներուն մէջ ու առաջնորդել:

Դարձեալ յաղթանակ, հպարտութիւն ու պատերազմ միայն մէկ երեսով: Միակ տարբերութեամբ, որ այս անգամ միւս երեսը տեսանելի կը դառնար արցախեան պատերազմի տխուր ու հերոսական պատմութիւններով, լեռներու մէջ կատարուող «հարսանիքներով» ու Եռաբլուրի մէջ հանգչող քաջերու աներեւոյթ գոյութեամբ:

Պատերազմը ինծի համար կը շարունակէր միայն յաղթանակ ըլլալ, քանի դեռ ապրիլեան  օրը չէր թակած իւրքանչիւրիս դուռը հպարտութեան ու ցաւի գոյներով: Այդժամ ես տեսայ պատերազմի երկու երեսը: Յաղթանակ ու պարտութիւն. երկու երես, որոնց կշռաքարերը հաւասարապէս կը կշռեն մեր բանականութեան ու սրտի նժարները:

Ահա յաղթանակը իր ողջ գոյներով. հերոս տղաներ, աներեւակայելի սխրանքներ, արդէն իսկ առասպել  դարձած պատմութիւններ, տհոլ ու զուռնայով մարտի մեկնող կամաւորներ ու բոլորիս երկինք հանող հպարտութիւն:
Տեսայ նաեւ պարտութեան գոյնը. չապրած կեանքեր, արդէն միայն լուսանկարով ժպտացող երիտասարդ հերոսներ, սեւազգեստ մայրեր, որբացած մանուկներ, սգացող ու արտասուող  ողջ ազգ մը…

Այո՛, յաղթեցինք 2016-ի Ապրիլին, այնպէս, ինչպէս 1945-ին, 92-ին, յաղթեցինք սակայն` տանուլ տալով չապրած կեանքեր ու չիրականացած երազանքներ…

Յիշեցի պապիկս… Ու հիմա ես կ’ուզեմ ըսել` թող մեր բոլոր յաղթանակները այսուհետ նուաճուած ըլլան խաղաղութեան մէջ, այլ ոչ պատերազմի…

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up