Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ՍԵՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՍԵՄ-ի «Ազա­տա­մարտ» մաս­նա­ճիւ­ղին Հինգ­շաբ­թի, 21 Ապ­րիլ 2016-ին, «Գէ­որգ Եսայ­եան» հան­դի­սաս­րա­հի մուտ­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101ամ­եա­կին նուիր­ուած ցու­ցա­հան­դէս:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ եղան Հա­լէ­պի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­ներն ու «Գ. Եսայ­եան» սրա­հին մէջ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ապ­րիլ­եան ձեռ­նարկ­նե­րու բո­լոր հան­դի­սա­կան­նե­րը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ներ­կա­յացը­նէր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հանգր­ուան­նե­րը` հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու սպան­դը, արեւմ­տա­հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թիւնը, մշա­կու­թա­յին ջար­դը, եղեռնի եւ տե­ղա­հա­նու­թեան են­թարկ­ուած նա­հանգ­նե­րու տո­կո­սա­յին քար­տէ­զը, սուր­ի­ա­կան անա­պատ­նե­րէն Հա­լէպ եւ այ­լուր հա­սած Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած­նե­րու վի­ճա­կը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դա­տա­պար­տող եր­կիր­նե­րու ցանկն ու դրօշ­նե­րը:

ՍԵՄ-ական­նե­րը պատ­րաս­տած էին նա­եւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ յու­շա­կո­թո­ղի ման­րա­կեր­տը, որուն մէջ զե­տե­ղած էին նա­հա­տակ­նե­րու ան­մար յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջահ մը:

24 Ապ­րի­լին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին առի­թով, ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ եղան Հայ երեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րը: ՍԵՄ-ական­նե­րը բծախնդ­րօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցին տար­ուած աշ­խա­տանքն ու ցու­ցադր­ուած պատ­կեր­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

Նշենք թէ, ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան այ­ցե­լու­նե­րը դի­տե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չուող վա­ւե­րագ­րա­կան տե­սե­րիզ­ներ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին նպա­տակն էր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը հրա­ւի­րել` յի­շե­լու եւ պա­հան­ջե­լու խլ­ուած  պատ­մա­կան մեր իրա­ւունք­նե­րը:

Scroll Up