Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեամբ Խորհրդակցութիւն ԱԳ Նախարարութեան ՄԷջ

Մայիս 7-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն` Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի ղեկավար Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, որոնք Երեւան  ժամանած են Հայ դատի յանձնախումբերու համաժողովին մասնակցելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին ԱԳ նախարարի տեղակալներն ու գլխաւոր քարտուղարը, ՀՅԴ բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Նախարար Նալպանտեան Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամներուն հանգամանալից ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, ատոնց հետեւանքներու յաղթահարման ուղղուած ջանքերը, պատասխանեց Հայ Դատի ներկայացուցիչներու բազմաթիւ հարցերուն:

Անդրադառնալով բանակցային գործընթացի հեռանկարներուն Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը ըսաւ. «Այս պահին հնարաւոր հանդիպումները կարող են ուղղուած լինել Ապրիլի սկզբին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ագրեսիայի կրկնութեան բացառմանը, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում 1994-1995թթ. զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման վերաբերեալ եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրերի անվերապահ կատարման նպատակով համապատասխան մեխանիզմների ստեղծմանը, ներառեալ` զինադադարի խախտումների հետաքննութեան մեխանիզմի ներդրմանը: Այդ քայլերը համապատասխան պայմաններ կը ստեղծեն բանակցային գործընթացը շարունակելու համար»:

Անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, Հայրենիքի տնտեսական զարգացման աջակցութեան, համահայկական օրակարգի այլ հարցերու:

Խորհրդակցութեան քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Հանդիպման մասնակիցները մտքեր փոխանակեցին երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով Հայաստանի կողմէ իրականացուող արտաքին քաղաքական գործունէութեան շուրջ: Անդրադարձ եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակին, սուրիական ճգնաժամին, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին, հրատապ միջազգային եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ այս ձեւաչափով հանդիպումներուն պարբերականութիւն հաղորդելու մասին:

Scroll Up