Ծնած Է Թալիշի ՄԷջ Նահատակուած Գիւմրեցի Հրաչ Գալստեանի Դուստրը

Այսօր առաւօտեան` ժամը 06:10-ին, Ախուրեանի Մօր ու մանկան հիւանդանոցին մէջ լոյս աշխարհ  եկած է Թալիշի մէջ Ապրիլ 3-ին զոհուած Հրաչ Գալստեանի եւ Անոյշ Օհանեանի դուստրը: Հրաչի մայրը` Անահիտ Գալստեան, Hetq.am-ին հեռախօսով փոխանցած է, որ ծննդաբերութիւնը բնական  ընթացած է, խնդիրներ չեն եղած, բայց մինչեւ երկուշաբթի կը մնան ծննդատունը` յետծննդեան բարդութիւններէն խուսափելու համար: Աղջնակին պիտի կոչեն Անահիտ` մեծմօր անունով, ինչպէս ցանկացած էր Հրաչը:

Երեխային լոյս աշխարհ գալուն Գալստեանները կը սպասէին Մայիս 17-ին, սակայն, մեծմօր կարծիքով` մայիսեան տօներուն ընդառաջ սա լաւագոյն նուէրն էր, որ ըրաւ փոքրիկը` ծնելով ժամկէտէն տաս օր շուտ:

 

 

Scroll Up