Յունաստանի Համազգայինի պարախումբի 30ամեակ եւ «Նայիրի» պարախումբի 20ամեակ
Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պարային-պարախմբային աւանդութիւնը հարուստ անցեալ մը ունի։ Մենք այդ անցեալը ջանացինք ամփոփել Համազգայինի անուան ներքոյ յայտնուած անցնող 30 տարիներու ներկայութեան ու մասնաւորապէս գաղութային մեր կեդրոնական ու շրջանային հրապարակային հանդիսութիւններուն, ելոյթներուն ու առաւել չափով աշխուժացած անցնող 20 տարիներուն՝ սկզբնական շրջանին երէցներու «Նայիրի» խումբին, յաջորդաբար ալ միջնեկներու «Նանօր» եւ փոքրերու «Մարալօ» պարախումբերու ստեղծման, որոնք մեր համայնքի հետեւողական կեանքին մէջ գերաշխուժ ներկայութիւն մը եղան ազգային տօներու եւ գեղարուեստական տարբեր ելոյթներու իրենց խանդավառող մասնակցութեամբ։
Յունաստանի մէջ մեր պարային անցեալի պատմութիւնը՝ իր կացութիւններու պարտադրած պայմաններու բնական ճամբով, սկիզբ առաւ երկրի ամբողջ տարածքին գործող Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու երկսեռ խումբերու պարախումբերով, որոնք լաւապէս կ’ամբողջացնէին ոչ միայն մեր միութենական, այլ նաեւ գաղութային գեղարուեստական խանդավառող յայտագիրները։
Երիտասարդական պարախումբերու ըստ կարիքի ու անհրաժեշտութեան ելոյթները կը ղեկավարուէին դասական պարի դաստիարակներ՝ տիկիններ Վարդուհի Պօղոսեանի եւ Հայկուհի Եաղճեանի պարուսուցութեամբ։ Մոռնալու չենք նաեւ, որ այդ տարիներու հայկական տարազները խնամքով եւ ճաշակով կը պատրաստուէին տիկին Ծաղկան Սավուլեանի կողմէ։
1990-1995 թուականներուն, Երիտասարդական Միութեան օրուայ Կեդրոնական Վարչութիւնը, պարային բաժնի ասպարէզը տակաւ առ տակաւ զիջեցաւ Համազգայինի, ինք առաւել ուժ տալով ազգապահպանման, քաղաքականացման, դաստիարակչական ու կազմակերպական այլ աշխատանքներու։
Այդ թուականէն սկսեալ Համազգայինը ստանձնելով իրեն համար բացուող նոր մարզի մը գործունէութիւնը՝ սկսաւ կազմակերպել, ճոխացնել ու ձեւով մը մասնագիտականօրէն ընդարձակել իր ապագայ ծրագիրները եւ աշխուժութիւններու տարողութիւնը։
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ Յովհաննէս Տումանեանի նախաձեռնութեամբ, ապա նաեւ արհեստավարժ պայմաններ ստեղծելու բարձր նպատակով, հրաւիրուեցան յաջորդաբար պարուսոյց Ալիս Ֆուրունճեանը եւ այդ թուականներուն Աթէնք հաստատուած Լիբանանի Համազգայինի երգի-պարի անսամպլի տաղանդաւոր պարողներէն Թորոս եւ Ռիթա Սէֆիլեան ամոլը, որոնք այս գործին ձեռնարկելով նոր շունչ, եռանդ ու կիսարհեստավարժ պատրաստութեան մթնոլորտ ստեղծեցին, ամուր հիմերու վրայ դնելով Համազգայինի երիտասարդ ուժերէ բաղկացած պարախումբը, ապագայի զարգացման ու կատարելագործման յուսատու հեռանկարով։
1995ին, օրուայ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կազմի քանի մը ընկերուհիներու նախաձեռնութեամբ, հայրենիքէն հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Պարարուեստի Ակադեմիայի սիրուած ու յարգուած պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանը, որ հանգրուանաբար ու հետեւողական աշխատանքով հիմը դրաւ նախ «Նայիրի» երկսեռ երէցներու պարախումբին, ապա «Նանօր» ու «Մարալօ» խումբերուն։
Անցնող երկու տասնամեակներու ժամանակաշրջանին, նորանշանակ պարուսոյցը ներդաշնակնօրէն ու փոխ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ գործակցեցաւ իրար յաջորդող Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններուն, պարախումբի միաւորի վարչութեանց, յանձնախումբերու եւ նշանակուած օգնականներուն հետ, լաւագոյն արդիւնքներու հասցնելով բոլոր ծրագիրները։ Մեր ալ նախաձեռնութեամբ, նախանձախնդրօրէն ամէն տարի սկսան նոր տարազներ ապսպրուիլ հայրենիքէն։
Մեր սիրելի Յովիկի օրով պարախումբերուն մօտ ստեղծուեցաւ նոր ճաշակ, պարի, երաժշտութեան, տարազներու եւ ընդհանրապէս հայ պարային գեղարուեստի ու մշակոյթի նոր որակ, ըմբռնում, հասկացողութիւն ու անհուն սէր։
Յովիկ Խաչիկեանի օրով տեղի ունեցան թեմաթիկ հրապարակային համերգներ, որոնց ընդմէջէն կը ցոլանար հայ գրականութիւնը, աւանդութիւնը, ազգագրութիւն, պարային գնահատանքի ու արժէքի հարազատ արտայայտութեամբ։ Ներկայացուեցան – ի շարս այլոց- «Անուշ»ը, «Քաջ Նազար»ը, «Հայկական հարսանիք»ը, «Մայիս 28»ը, «Հայոց Եղեռն»ը, «Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակը» եւայլն, եւայլն։
Յովիկ Խաչիկեանի Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ հայագաղութներու մէջ (Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա) ստանձնած նորանոր պարտաւորութիւններու ծանրաբեռնումով, Համազգայինի 3 մակարդակներու պարախումբերու ղեկավարութիւնը վստահուեցաւ՝ Յովիկի արժանի պարող-մենակատարներէն եւ Համազգայինի վերջին 3 տարիներուն Շրջանային Վարչութեան ընտրեալ անդամ Էտկար Էղեանին եւ իր օգնականներուն, որոնք ձեռնհասօրէն ու ստեղծարար հենքով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, սիրայօժար, պարտաճանաչութեամբ ու բծախնդրութեամբ։
«Նայիրի» պարախումբը անցնող 20 տարիներուն ընթացքին իւրայատուկ ու տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած է՝ Աթէնքի բեմերէն Ռեքսի, Կլորիայի, Աննա-Մարիա Գալութա, Վրեթանիա, Ռոէս, Կազի, Ամերիկեան Տիրի, Պայրըն Գոլէճներու, Հիլթըն եւ Կրանտ Պրըթանիը պանդոկներու, Ռազմական թանգարանի, Յունաստանի զինեալ ուժերու Սպայից ակումբի, Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» Փոքր Ասիական մշակութային կեդրոնի, «Ալսոս» պուրակին մէջ «Իոնիքես Եորթես» ամառնային մշակութային փառատօնին, Ֆիքսի, Գոքինիոյ, Գարէայի ակումբերուն մէջ կազմակերպուած ազգային տօներու ելոյթներուն, Վիրոնայի քաղաքապետութեան, Փիրէայի Քաթրաքիօ, Տիմոթիքօ, Տելֆինարիօ, Վէաքիօ թատրոններու բեմերէն, Կորընթոս, Քալամաթա, Զէվղօլաթիօ քաղաքներուն մէջ, Հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ քաղաքներէն Ալեքսանտրուպոլսոյ, Քսանթիի, Թեսաղոնիկէի, Սերէսի մէջ, իսկ յունական կղզիներէն Կրետէի Իէրափեթրա, Իրաքլիօ քաղաքներու եւ Սամոս կղզիին մէջ։
Անշուշտ նաեւ Հայաստանի մէջ։Այսքանը բաւական կը նկատենք պատկերացում մը ունենալու համար մեր պարախումբի ծաւալած յաջորդական ու բազմակողմանի գործունէութեան մասին։ «Նայիրի» պարախումբը իր ելոյթներու ծիրէն ներս տիրացած է առաջնութիւններու, շքանշաններու, յուշամետալներու, գնահատանքի գիրերու, անհատական, հաւաքական ու միութենական շնորհագրերու, որոնց կարգին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Հ. դեսպանատան։
«Նայիրի» պարախումբը իր հրապարակային համերգներու առիթով պատրաստած է գեղատիպ ու գունաւոր տպագրութեամբ յայտագիրներ ու աֆիշներ, առաւել ելոյթներու վիտէօներ եւ լուսանկարչական ալպոմներ, որոնք, ինքնին թանգարանային հարուստ հաւաքածոյի մը արխիւային բնոյթի արժէք կը ներկայացնեն։
Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը խորունկ յարգանքով կը խոնարհի մեր պարախումբի պարուսոյցներու, օգնականներու, պարողներու, օգտակար ստեղծարար ու սեւ աշխատանք կատարող բոլոր մասնակիցներուն վարչականներուն, յանձնախումբերուն, որոնք խոնարհօրէն, սիրայօժարօրէն ու անսակարկ նուիրումով իրենց անմիջական օժանդակութիւնը բերած են այս մեծ գործին, սերունդներու պատրաստութեան ու հայկական պարի ճամբով մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները ակումբերու մէջ պահելու, իրար հետ շփուելու եւ հայերէն խօսելու հնարաւորութեան համար։
Վարձքը կատար բոլորին։
Կեցցէ՛ Համազգայինը, կեցցէ՛ Համազգայնականը։
Յունաստանի Համազգայինի
Շրջանային Վարչութիւն